Newsweek-ի Յօդուածագիրը Պաքուի Վայրագութիւնները Անտեսելու Յանցանքով Կը Մեղադրէ Պայտընը

By Asbarez | Monday, 25 April 2022



ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- «Նախագահ Ճօ Պայտըն Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցաւ, Ուրիշի Մը Առիթ Տալու Համար» խորագիրով Newsweek-մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ, հանրային յարաբերութիւններու մասնագէտ Սթեֆան Փեչտիմալճի կը յայտնէ, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչելէն քանի մը օր ետք միայն, Պայտընը որոշեց օգտագործել «Ազատութեան աջակցութեան որոշում»ի 907րդ յաւելուածը շրջանցելու իր իրաւասութիւնը, նախորդ նախագահներուն նման, շարունակելով Ատրպէյճանին տրամադրել ռազմական օգնութիւն:

Յիշեցնենք, որ 907րդ յաւելուածը կ՛արգիլէ Ատրպէյճանին ամերիկեան ռազմական աջակցութիւն տրամադրել։

Ան կը գրէ, թէ ամբողջութեամբ հասկանալու համար, թէ ամերիկահայերը ինչո՛ւ նեղացած են Պայտընի այդ որոշումէն, պէտք է է ուսումնասիրել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տրամադրուող ռազմական աջակցութեան անհաւասարութիւնը:

«Ամերիկահայերուն համար 2020ի Ղարաբաղեան պատերազմը դարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան վառ յիշեցում։ Անոնք տեսան, թէ աշխարհը կը շարունակէ աչք փակել իրենց տառապանքներուն դիմաց: Թուրքիոյ օգնութեամբ, Ատրպէյճան սանձազերծեց ոչ-արդարացի պատերազմ մը` փորձելով ոչնչացնել Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ հայերը: Նոյն ժամանակ, Ատրպէյճան ձեռնամուխ եղաւ բնիկ հայերու պատմամշակութային կառոյցներու՝ եկեղեցիներու, վանքերու եւ գերեզմաններու ոչնչացման: Խախտելով պատերազմ վարելու բոլոր օրէնքները` Ատրպէյճան ռմբակոծեց խաղաղ բնակչութեամբ բնակեցուած շրջաններ եւ ծննդատուն` Ստեփանակերտի մէջ, արգիլուած զինատեսակներ գործածելով, խախտեց միջազգային օրէնքները, կը նշէ յօդուածագիրը:

«Հակառակ այն իրողութեան, որ այդ վայրագութիւնները ցուցադրուած եւ ներկայացուած են ամէնուր, նախագահ Պայտըն ոչինչ ըրաւ անոնց դէմ: Ընդհակառակը, ան առաջարկեց  կրճատել Հայաստանին տրամադրուող ամերիկեան օգնութիւնը 47 տոկոսով, զայն իջեցնելով 24 միլիոն տոլարի, առանց նշելու Արցախի համար օգնութեան չափը», կ՛ընդգծէ յօդուածագիրը, որ սակայն կը շեշտէ, թէ դեռ ուշ չէ եւ Պայտըն ժամանակ ունի փոխելու իր կեցուածքը Պաքուի եւ անոր բռնատէրին նկատմամբ։

«Եթէ Պայտըն իսկապէս կը փափաքի յարգել Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը եւ կանխել նման վայրագութիւններու կրկնութիւնը՝ ան պէտք է աջակցի «Ազատութեան աջակցութեան որոշում»ի 907րդ յաւելուածին», կ՛եզրափակէ յօդուածագիրը:

comments

Advertisement