ԻՆՉՈ՞Ւ

By armenia.com.au | Wednesday, 13 January 2021



ԻՆՉՈ՞Ւ

Ասատուր Շուկայեան
10 Յունուար 2021


Ինչո՞ւ հարցադրումներու շարքով կ'ուզեմ սկսիլ այս վերլուծական յօդուածս, որուն ընդմէջէն կը յուսամ որ ի վիճակի կ'ըլլամ բաւարար լոյս սփռել, հայութեան այսօրուան ահաւոր իրավիճակին ու անկէ բխած հետեւանքներուն մասին, որոնց խորունկ արմատները կու գան մօտիկ անցեալէն:

Այս կարգ մը «ինչո՞ւ»ներուն պատասխանները պիտի փորձեմ մեկնաբանել, իսկ մնացեալին պատասխանը որոնելու աշխատանքը պիտի ձգեմ ընթերցողին դատողութեան եւ եզրափակիչ խօսքիս մէջ ցոյց պիտի փորձեմ տալ այս անելէն դուրս գալու ճամբան:

Ուրեմն սկսիմ հետեւեալ ձեւով.-

1-     Առաջին ինչո՞ւ հարցումս կ'երթայ 1981 թուական, երբ առաջին անգամ ոտք կոխեցի Խորհրդային Հայաստան, որպէս մասնակից “ Սփիւռքահայութեան հետ  Մշակութային Կոմիտէի ”կազմակերպած ուսուցիչներու կատարելագործման դասընթացքներուն: Աւելի քան մէկ ամիս կեցութեանս ընթացքին ականատես եղայ ընկերային բազմատեսակ յոռի երեւոյթներու, որոնք խոտոր էին սփիւռքի մէջ մեր ապրած ազգային կեանքին ու հայու նկարագրին: Ուզեցի լաւատեսօրէն մօտենալ հարցին եւ ինքզինքս համոզել,թէ ժամանակաւոր երեւոյթներ են եւ անպայման օր մը ազատութեան պայմաններուն կը չքանան:

Այսօրուան պատկերը կը մղէ զիս եզրակացնելու , թէ սխալած էի այդ օրերուն:

Այժմ հարցումս: Ինչո՞ւ ընկերային յոռի երեւոյթները տիրապետող ըլլալով, կարելի չեղաւ ամբողջ 30 տարիներ արմատախիլ ընել եւ առողջ նոր սերունդներ կերտել:

2-     Արցախի պահանջատիրական  երթով ստեղծուեցաւ “ Ղարաբաղ Կոմիտէ “ , որ վայելեց համայն հայութեան վստահութիւնը: Այդ խմբակը հասաւ իշխանութեան, որպէս ՀՀՇ, բայց ձախողեցաւ, որովհետեւ չունէր գաղափարախօսական կեդրոնացում: Անոր ազգային գաղափարախօսութեամբ առաջնորդուող թեւը փոքրամասնութեան մէջ գտնուելով ինքնամեկուսացաւ, իր տեղը զիջելով ապազգային մտածողութեան եւ միայն 1998-ի իշխանութեամբ է որ տիրացաւ իշխող լծակներուն:

Ինչո՞ւ ին ինչպէ՞ս պատահեցաւ մեր նորանկախ պետականութեան այս առաջին սայթաքումը, որ դրաւ արմատները մեր այսօրուան ահաւոր իրավիճակին:

3-     1999 թուականին տեղի ունեցաւ քաղաքական մեծ ոճիր եւ իշխանութիւնը կորսնցուցած արկածախնդիր խմբակը, իշխանութեան լծակներուն տիրանալու առաջին քայլը կատարեց, բայց շնորհիւ օրուան իշխանութեան նախագահի վճռականութեան, անյաջողութեան մատնուեցաւ:

Ինչո՞ւ արկածախնդիր այդ խմբակը շարունակեց վայելել ազատութեան բարիքները, փոխան բանտախուցերու:

4-     2008թուականին արկածախնդիրներու խմբակը, իշխանատիրութեան իր 2-րդ  փորձը կատարեց, որ անգամ մը եւս մատնուեցաւ ձախողութեան:

ինչո՞ւ արկածախնդիրները, անգամ մը եւս վայելեցին ազատութիւնը, փոխան բանտախուցերու:

5-     2018 թուականին, երբ արկածախնդիրներու խմբակը իշխանատիրացման 3-րդ փորձը կատարեց, ինչո՞ւ օրուան իշխանութիւնը իր ձեռքը ունենալով ուժային լծակները, շատ հանգիստ իշխանութեան փոխանցում կատարեց, քաջ գիտնալով յառաջանալիք հարցերը:

6-     2018-2020 ժամանակաշրջանին վերաբերող այնքան ինչո՞ւ գոյութիւն ունի, որոնցմով կարելի է գրքոյկ մը կազմել: Նման աշխատանքի ոչ սիրտ կայ եւ ոչ ալ տրամադրութիւն, սակայն այդ բազմաթիւ ինչո՞ւներուն մէջ քանի մը հիմնական ինչո՞ւներու պէտք է պատասխան տրուին, ինչպէս.-

ա.- երբ վարչապետի կոչով, ապօրինի ձեւով կարգ մը արկածախնդիրներու կողմէ արգելափակուեցան դատական  համակարգի դռները, ինչո՞ւ համաշխարհային կառոյցները, բացի Ե.Մ-ի կարգ մը տարտամ յայտարարութիւններէ լուռ մնացին ժողովրդավարական այս բիրտ ոտնահարման նկատմամբ եւ ինչո՞ւ հայ հասարակութեան խաւերը, բացի կարգ մը կուսակցութիւններու յայտարարութենէ, նմանապէս լուռ մնացին այս նախընթացը չունեցող հակասահմանադրական երեւոյթին նկատմամբ:

Այդ օրը ժողովրդավարութիւնը, եթէ մասամբ գոյութիւն ունէր Հայաստանի մէջ, վերջնականապէս թաղուեցաւ եւ կը շարունակէ մինչեւ օրս մնալ թաղուած: Այդ օրը Հայաստանի անվտանգութեան բոլոր կառոյցները գործ ունէին կատարելիք, բայց չգործեցին: Ինչո՞ւ Հայաստանի հասարակութեան եւ միջազգային կառոյցներու անտարբերութիւնը:

Եթէ այս գլխաւոր ինչո՞ւն կարելի ըլլար բացայայտել, կարելի կ'ըլլար կանխել երկուքուկէս տարիներու բոլոր ապօրինի քայլերը եւ այս անփառունակ պարտութիւնը:

բ.- Ինչո՞ւ Հայաստանի նոր իշխանութիւնը, նախկին երեք նախագահներէն, միայն 2-րդ նախագահին նկատմամբ վրէժխնդրական ապօրինի արշաւ ձեռնարկեց: Արդեօ՞ք  անոր համար, որ միայն անոր տարիներուն Հայաստանը զարգացում ու վերելք ապրած էր, թէ անոր համար, որ Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութիւնը հասած էր այն կէտին, որ սփիւռքի քաղաքական ուժը փոխ համաձայնութեամբ յաճախ կը հակադրուէր 2-րդ նախագահին եւ կը վերացնէր անոր վրայէն արտաքին ճնշումները եւ կը մղէր անոր գործել աւելի ինքնավստահ ու համարձակ, պաշտպանելու հայութեան շահերը:

Ինչո՞ւ միայն 2-րդ նախագահը:

գ.- Ինչո՞ւ հայ հասարակութեան սեւի ու սպիտակի բաժանումը եւ այդ պատճառով ստեղծուած ատելութեան ու թշնամանքի մթնոլորտի ստեղծումը: Միջազգային վիճակագրական տուեալներով 2018-էն առաջ ամենապահով  ու հանգիստ երկիր նկատուող Հայաստանն ու մայրաքաղաք Երեւանը, Ինչո՞ւ երկուքուկէս տարիներու ընթացքին վերածուեցան այս խայտառակ վիճակին: Որո՞ւն շահերուն կը ծառայէր այս իրավիճակը: Վստահաբար օտարին, բայց ոչ հայութեան: Ինչո՞ւ “բաժնէ որ տիրես“-ի քաղաքականութիւնը, որ միշտ կործանարար եղած է բոլոր ազգերուն համար:

դ.- Ինչո՞ւ վարչապետի, Արցախի հարցով իրարամերժ յայտարարութիւններու կատարումը.- “կը սկսիմ զերօ կէտէն”, “ես լիազօրուած չեմ Արցախի անունով բանակցութիւններ վարել”, “որեւէ համաձայնագիր ստորագրելէ առաջ, կ'առնեմ ժողովուրդին համաձայնութիւնը”,  “Արցախը Հայաստան է եւ վերջ”,“Արցախի հարցի լուծումը պէտք է ընդունելի ըլլայ երեք կողմերուն” եւայլն

Ինչո՞ւ նման յայտարարութիւնները, որոնք բազմաթիւ մասնագէտներու կարծիքով արագացուցին պատերազմը. որո՞ւ շահերուն կը ծառայէին. Անգամ մը եւս կարելի է հաստատել շատերու, բայց ոչ հայութեան:

ե.- Պատերազմի ընթացքը ու տեւողութիւնը ունի բազմաթիւ ինչո՞ւներ, որոնք ամէն օր նորանոր բացայայտումներու պատճառ կը դառնան: Այդ բոլորը պէտք է ամենաարագ ձեւով անաչառ եւ լուրջ յստակացումներու արժանանան եւ բիւրեղացած ներկայացուին հայ ժողովուրդին, մօտիկ ապագային:

Եզրակացութիւն

Այսօր կ'ապրինք մեր պատմութեան ամօթալի էջերէն մէկուն ազդեցութեան տակ, որուն ընթացքին տեղի կ'ունենան իրադարձութիւններ, որոնք ոչ միայն ահաւոր վնաս կը բերեն մեր երկրին, այլ նաեւ կրնան ըլլալ կործանարար:

Ունինք իշխանութիւն մը, որ չարաչար պարտուած է եւ կը շարունակէ ապրիլ իր կառուցած երեւակայական աշտարակին մէջ, կատարելապէս կտրուած իր ժողովուրդէն եւ ունի մանկական այն միամտութիւնը, թէ բռնարարքներու դիմելով կրնայ ապահովել իր գոյատեւումը: կ'ապրի ցնորքի մէջ, որմէ պէտք է դուրս գայ:

Ունինք առողջ ազգային ուժեր, որոնք կը գիտակցին պահուան ահաւորութեան: Այս ուժերը տարաբնոյթ են իրենց մօտեցումներով եւ բոլորին կը համախմբէ հայրենիքի փրկութեան վսեմ գիտակցութիւնը եւ քանի որ ձգտումը վսեմ է, անոնց արարքները կ'ուղղուին դէպի արդիւնաբերութիւն, որքան ալ հակասութիւններ ունենան իրար հետ:

Ընդդիմադիր կոչուած այս մեծ շերտին մղիչ ուժը 17-ի ուժերն են, սակայն կ'ընդգրկեն հասարակական լայն շերտեր ու մտաւորական լայն շրջանակ: Ընդդիմադիր շրջանակը ունի քաղաքական, ազգային ու բարոյական մեծ կշիռ, մինչ իշխանական խաւը ունենալով նոյն մեծ կշիռը, երկուքուկէս տարիներու ընթացքին կատարելապէս ապարդիւն մսխած է անվերադարձ:

Այժմ մենք կ'ապրինք բախման այս կէտի ճնշման տակ: Իմացական փոքր կարողութիւն ունեցող ոեւէ անձ, շատ լաւ կը հասկնայ թէ այս վիճակը կործանարար է եւ կարելի չէ երկար շարունակուի, բայց արդեօ՞ք անոր գիտակցութիւնը ունին բախման երկու կէտերը, ներկայացնելով իշխանութիւնն ու ընդդիմութիւնը:

Եթէ այո եւ կը յուսամ որ այդպէս է, այդ պարագային հակադրութիւններ ստեղծելէ աւելի գործ պէտք է ըլլայ, հաւասարապէս երկուքին կողմէ, որպէսզի հայութիւնը ունենայ ապագայ: Կը շեշտեմ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ, որովհետեւ հարցը այլեւս  Հայաստանի քաղաքացիներուն  չի պատկանիր, այլ համայն ՀԱՅ ԱԶԳԻՆ:

Թուարկած բոլոր ինչո՞ւներուն պատասխանները որպէս հայ մարդ պահանջելով, կոչ կ'ուղղեմ հայրենի իշխանութեան, որ վար իջնէ իր երեւակայական աշտարակէն, ինքնամեկուսացուելու փոխարէն շփուի իր ընտրող ժողովուրդին հետ ու փրկէ խորտակուող նաւը ընկղմելէ:

Այդ քայլը կատարելու գիտակցութիւնը պէտք է ունենայ վարչապետն ու “Իմ Քայլը” խմբակցութիւնը, որպէսզի այս ալեկոծումը հանդարտի:

Զգաստութեան այս կոչը ուղղելով, կ'ուզեմ ինչո՞ւներու պատասխանները պահանջել, մանաւանդ իշխանութիւններէն եւ փակել մտահոգութիւններու այս շղթաս, վերյիշելով 1990-ականներուն, որպէս Աւստրալիոյ “Արմենիա“ ամսագրի խմբագրականի վերնագիր ընտրած մէկ խօսքս այդ օրերու ղեկավարութեան.-

“Ձախողութիւնն ակնյայտ է. Չքմեղանքն անարդարանալի“

Չքմեղանքներ որոնելու փոխարէն, անցէք գործի եւ կատարեցէք հայութեան իղձը, որովհետեւ ձեր ապիկար գործելակերպը ակնյայտ է եւ կարելի չէ քօղարկել:

 

 

 



comments

Advertisement