Փրկենք Սփիւռքահայութեան Սիրտը

By Papig Chakmakdjian - Armenia Media | Tuesday, 31 August 2021



Սիրելի Աւստրալիահայ,

Լիբանանի ճգնաժամը դժնդակ է:Ո՜չ, պսակաւոր ժահրի համաճարակի սարսափը չէ միայն:Ո՜չ ալ լիբանանցիին տարիներու վաստակի կլանումը՝ դրամատուներուն կողմէ:

Հո՛ն լիբանանցին հացի, դեղի, ջուրի, ելեկտրականութեան եւ վառելանիւթի կարօտ է, բառին ամենադաժան իմաստով:Հո՛ն լիբանանցին կ’ապրի մարդու տարրական իրաւունքները ոտնակոխուած պայմաններու մէջ:Հո՛ն լիբանանցին երանի կու տայ պատերազմի օրերուն:

Լիբանանահայութիւնը այսքան ծանր տագնապ չէ անցուցած:

Սիրելիներ, բոլորս ձեւով մը առնչուած ենք Լիբանանի հետ. Շնչած ենք օդը, խմած ենք ջուրը, ընտանիք, ազգական ու բարեկամ ձգած ենք հոն կամ սորված ենք անոր փորձառութենէն: Լիբանան, որ պատրաստած է ղեկավարներ, որոնք աշխարհացրիւ հայութեան տարբեր գաղութներու ղեկավարներ են այսօր:

Լիբանան որ տակաւին կը պահպանէ հայութիւնը շնորհիւ իր կրթական, մշակութային եւ բարեսիրական կառոյցներուն, որոնց գոյութիւնը յետայսու հարցական է: Լիբանանահայութիւնը սփիւռքին մարդուժ մատակարարող օճախն է:

Հասնի՛նք Լիբանանահայութեան: Տա՛նք մեր լումաները Լիբանանահայութեան համար:Ժպիտ գծենք մանուկներու դէմքերուն, ապահովելով անոնց օրուան հացը եւ դպրոց յաճախելու կարելիութիւնը:

Որպէսզի ծնողքը ալ աւելի չտառապի ու անպակաս մնայ իր զաւակներուն գլուխէնՈրպէսզի այդ մանուկները տեսնեն նուիրելու եւ զոհաբերելու կենդանի օրինակը եւ իրենց կարգին նոյն ուղին բռնեն:Որպէսզի մեր կրթական, մշակութային, ընկերային ու հոգեւոր կառոյցները գոյատեւեն:Բանանք մեր քսակները սիրելիներ, ինչպէս միշտ բացած ենք հայրենիքի թէ սփիւռքի այն համայնքին համար որուն օգնութեան կանչը լսած ենք:

Կ'ապաւինինք քեզի, Աւստրալիահայ:

----

The Armenian Relief Society of Australia's #StandWithLebanon fundraiser has already attracted tens of thousands of dollars in direct transfers using the following bank details:
BSB: 062-295
Account: 10430743
Account Name: The Armenian Relief Society of Australia
Reference: LEBANON_SURNAME

comments

Advertisement