Մտորումներ Խայտառակ Պատերազմին Առաջին Ամեակին Առիթով

By Ասատուր Շուկայեան - Armenia Media | Thursday, 28 October 2021

Ասատուր Շուկայեան



1991-ի վերանկախութեան ամենաերջանիկ օրերն էին:

Անկախութիւն, հռչակագիր, դրօշակ, քայլերգ, Ազգային ժողովի ու կառավարութեան կազմութիւն ու մեծ երազանքներ: Յանկարծ հարցազրոյց մը կը գրաւէ ուշադրութիւնս:

Հարցազրոյցը այդ օրերու Հայաստանի առաջին արտաքին գործոց նախարար Պրն. Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի հօր՝ բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ եւ մեծ պատմաբան փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի հետ է, ուր հանրածանօթ պատմաբանը, ի պատշաճի շնորհաւորական արտայայտութիւններ կատարելէ եւ տեսակէտներ յայտնելէ ետք, յանկարծ իր խօսքը անակնկալօրէն կ’աւարտէ հետեւեալ միտքով.-

-Մաղթանքս է, որ մեր այս անկախութիւնը վերջ չգտնէ առաջին անկախութեան նման:

Ազգային հպարտանքի ու խանդավառութեան այդ օրերուն, նման յոռետեսական զգացողութիւնը յարգարժան պատմաբանին կողմէ, մղեց զիս խորհրդածութեան եւ միայն քանի մը տարիներ տեւեց, հասկնալու անոր էութիւնը երբ ծայր առաւ քաղաքական հաշուեյարդարի ու սպանութիւններու, ինչպէս նաեւ քաղաքական բանտարկեալներու երեւոյթը, Հ.Յ.Դ. գործունէութիւնը արգելափակելու Լեւոն Տէր Պետրոսեանական տխրահռչակ հրամանագրով:

Հարուածը ուղղուած էր անշուշտ Հայոց միասնականութեան ու ազգային գաղափարախօսութեան եւ հաւանաբար ասոր էր ուղղուած մեծ պատմաբանին մտահոգութիւնը:

Պահանջուեցաւ տարիներ ու բազմաթիւ ցնցումներ, որպէսզի վերականգնուի կորսուած միասնականութիւնը ու Հայաստանը բռնէ զարգացման ուղին:

Պատկերը տարբեր չէ դժբախտաբար այսօր, երբ աւելի մեծ տարողութեամբ խախտած է մեր միասնականութիւնը եւ երկիրը կը գտնուի գահավիժման եզրին:

Հայ ժողովուրդը արդար ակնկալելիք ունէր, թէ 2018-ի իշխանութեամբ կը չքանան յոռի երեւոյթները հայրենիքէն ներս եւ Հայաստանը կ’ուղղուի դէպի արդար համակարգ ու իսկական ժողովրդավարութիւն:

Այս արդար ակնկալութեան փոխարէն ի՞նչ ստացաւ Հայ ժողովուրդը:

Ստացաւ այն, որ փոխանակ Հայ ժողովուրդի ապագայի կերտման, երկիրը քանի մը ամիսներու ընթացքին մտաւ անիմաստ ու ապարդիւն դատավարութեան մը յորձանուտին մէջ, որ ջլատեց ազգի կարողականութիւնը: Ասոր յաջորդեց միասնականութեան տրուած հարուածը սեւերու եւ սպիտակներու բաժանման ազգավնաս քաղաքականութեամբ, ինչպէս նաեւ թշնամանքով ու հայհոյանքով ներքին թշնամիներ որոնելու որսը, որոնք բաւարար հիմքեր էին ազգը ինքնակործանման առաջնորդելու:

Տակաւին չխօսինք նորարութեան քօղին տակ կրթական ծրագիրներ փոխելու ինքնախաբէութեան, Հայ Եկեղեցւոյ նկատմամբ արհամարհանքի եւ Արցախի հարցը առաջնահերթութեան տեսակէտէն նսեմացնելու քաղաքականութեան մասին, որոնք յաւելեալ լիցքաւորում տուին ազգակործան այս ընթացքին:

Այս բոլորի լոյսին տակ ի՞նչ ունինք այսօր:

Ունինք իր տարածքները կորսնցուցած Արցախ:

Ունինք իր սահմաններուն տէրը չկանգնող Հայաստան:

Ունինք տնտեսական ու ընկերային անկման ենթակայ հայրենիք:

Ունինք ապագայ կերտող երիտասարդութեան կորուստ:

Ունինք բազմահազար վիրաւորներ, հաշմանդամներ եւ գերիներ:

Ունինք մեր հպարտանքը զգետնող խայտառակ պարտութիւն:

Ունինք իրավիճակ, ուր մեր ճակատագիրը կը տնօրինեն ուրիշներ:

Այս բոլոր կորուստներու փոխարէն, ի՞նչ է կարծեցեալ ու երազային շահը:

Պարտուողի դիրքերէն մոլեգին խաղաղութեան ձգտում, որուն ոչ ոք կը հաւատայ:

Այս է մեր ազգի ու հայրենիքի իրական պատկերը այսօր, որուն համար ի՞նչ պէտք է ընել:

Պատասխանը մէկն է, որ անյապաղ պէտք է գործադրուի:

Ընդդիմադիր ուժերու ներդաշնակ գործունէութիւն, հեռացնելու համար ազգակործան իշխանութիւնը, որպէսզի մեր ազգն ու հայրենիքը ունենան իսկապէս ապագայ:

Այս է մեր պետականութեան վերականգման միակ ուղին, որ պէտք է կեանքի կոչուի ազգային միասնականութեան միջոցով առնուած քայլերու:

Դէպի այդ վերականգման բարի երթ, ո՜վ Հայ ժողովուրդ:

comments

Advertisement