Տարածքային Բռնագրաւումները Կրնա՞ն Հողային Ամբողջականութեան Արդար Պահանջ Ըլլալ

By Hayrenik | Saturday, 07 May 2022


Յ. Պալեան

Նուաճողները միշտ նոր քարտէսներ գծած են, զանոնք համարած են օրինականութեան հիմք եւ պարտադրած որպէս օրինական:

Այսինքն՝ ուժի կիրարկումը փոխարինած է ժողովուրդներու պատմութիւնը, իրաւունքը եւ ընդհանրապէս՝ արդարութիւնը:

Եթէ իշխանութիւն ունենայի, Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը կը հրաւիրէի արդարութիւն վճռելու կոչուած ժողովի մը, որպէսզի մարդու եւ ժողովուրդներու իրաւունքի բարոյական իրաւ ըմբռնումով քարտէսագրութիւն ընէինք:

Դժբախտաբար ո՛չ ընկերային կեանքի եւ ո՛չ ալ քաղաքական կեանքի մէջ, ազգային եւ միջազգային, իմաստասիրութիւն եւ բարոյագիտութիւն տեղ ունին: Եթէ իմաստասէրներ, այսինքն՝ մտաւորականներ, ներգրաւուէին բոլոր մակարդակներու քաղաքականութեան մէջ, վճիռները կը կայացուէին ըստ իմաստներու եւ արժէքներու: Կ’ըլլար փոխհասկացողութիւն, կը վերանար անտառի նախնականութեան օրէնքը:

Այս մասին կը մտածէի, երբ կրկին կարդացի եւ իմացայ, որ Ատրպէյճան կը պահանջէ, որ Հայաստան ընդունի իր հողային ամբողջականութիւնը:

Այս պահանջը եթէ վերածենք հարցումի, կը ստացուի հետեւեալը. ինչո՞ւ Հայաստան պէտք է ընդունի, կամ չընդունի, Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը:

Եթէ իշխանութիւն եւ հնար ունենայի, Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնները կը հրաւիրէի ժողովի մը, անոնցմէ կը խնդրէի, որ իմաստութեամբ քննէինք խնդիրները եւ արդարութեամբ վճռէինք: Այդ ժողովին բնաբան կ’ընտրէի իմաստասէր Քարլ Եասբէրզի հետեւեալ խօսքը. «Իմաստասիրութեան մէջ հարցումները աւելի էական են քան պատասխանները, եւ իւրաքանչիւր պատասխան կ’ըլլայ նոր հարցում»:

Եւ փորձել պատասխանել վերեւ արձանագրուած հարցումին. ինչո՞ւ Հայաստան պէտք է ընդունի, կամ չընդունի, Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը: Եւ հարցումը լրացնել հետեւեալով. ինչո՞ւ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան պէտք է ընդունին հայոց հայրենիքի իրա՛ւ ամբողջութիւնը: Ի՞նչ հիմնաւորումներով պէտք է ընդունիլ կամ մերժել:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԻՒՆ՝ որ քանդուած է երբ անոր տարածքներուն տիրած են օտար ուժեր՝ բռնութիւններով եւ զէնքի ուժով:

Ճշմարիտ արդարութեան համար պէտք է առաջնորդուիլ ոչ թէ բռնութեան, բիրտ ուժի  եւ բանակներու գծած քարտէսներով, այլ՝ պատմութեան վկայութեամբ, որ կամայականութեամբ չի գրուիր: Թէեւ մարդիկ միշտ ալ փորձած են նենգափոխել պատմութիւնը:

Ե՞րբ Ատրպէյճանցի թուրքը հասած է Արցախ, ի՞նչ է անոր հողին տէր ըլլալու պատմական իրաւ փաստը: Խօսի՛լ այս մասին, առանց խուսանաւելու: Այս է փոխահասկացողութեան ճանապարհը:

Նոյնը պէտք է ընել Թուրքիոյ հետ:

Ե՞րբ եկած են թուրքերը Արեւմտեան Հայաստան, ՄԵԾ ՀԱՅՔ: Ի՞նչ քաղաքակրթական, պատմական, ճարտարապետական, կրօնական առնչութիւն ունին Անիի կամ Աղթամարի հետ:

Ասոնք անմիջական եւ տեսանելի օրինակներ են:

Պէտք է բանալ Պատմութեան վկայութեան էջերը եւ ըստ այնմ անկեղծութեամբ խօսիլ եւ բանակցիլ, եթէ դեռ անկեղծութիւն, բարոյականութիւն եւ ճշմարտութիւն տեղ ունին քաղաքականութեան մէջ:

Միթէ՞ Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի պատմութիւնը սկսած է խորհրդային օրերուն: Պատմութիւնը Ստալինի տիքթաթնե՞րով կը գրուի:

Վերաբերում նախ հայը ինք պէտք է ունենայ իր պատմութեան եւ իրաւունքներուն մասին եւ պարտուածի հոգեբանութեամբ չըսէ, որ հայերը գրաւած են Ատրպէյճանի հողերը եւ անոնց թրքացուած անունները կրկնելով, զանոնք չհամարէ իրաւունք եւ փաստ:

Պատմական ճշմարտութեան եւ անկէ բխած իրաւունքի վրայ պէտք է վերականգնել հայու իրաւ հպարտ քաղաքացիութիւնը, մեծերու եւ շարքայիններու, ապա կազմակերպուիլ, գտնել լսողներ, դաշնակիցներ եւ բանակցիլ՝ իրաւութեան եւ իրաւունքի սկզբունքով:

Յանձնուելով, ամէն բանի այո՛ ըսելով, խաղաղութեան չենք հասնիր, այլ՝ կ’իյնանք ստրկութեան մէջ եւ կ’արձանագրենք, որ պատմութիւնը աւարտած է եւ մենք չկանք պատմութեան մէջ:

Այսօր, Մայիս 1: Դարերու անիրաւութիւնը եւ իրաւազրկումները իր մէջ կուտակած հայու գիտակցութեամբ պիտի մասնակցիմ համաժողովրդական հաւաքին, այն յոյսով, որ կը նուաճուին նոր միասնականութիւն, իրաւ յանձնառութիւն, պարտութեան յառաջացուցած ընկճուածութենէն դուրս հանող ուղի կ’ընդգրկենք եւ վատութեամբ չենք ընթանար հրաժարումներու եւ լքումներու ուղիով:

Վերականգնումի համար իշխանափոխութիւն պէտք է, յառաջացնելով ազգը միացնող եւ ազգային հեռանկար ունեցող իշխանութիւն:

Ցոյց՝ ընդդէմ…

Յանուն չեմ գիտեր ի՞նչի հայկական տարածքները պէտք է զիջիլ թուրքին:

Պէտք է ընդվզիլ եւ բողոքել՝ տէր մնալու համար: Յիշե՛լ Խրիմեան Հայրիկը, որ կը պատգամէր «Թոռնիկ»ին, որ «հողը պէտք է կեանքի եւ մահուան օրը», այսինքն հողը պէտք է նաեւ թաղուելու համար հայրերու եւ նախահայրերու կողքին:

Ազգային-քաղաքական հիմնական առաջադրանք պէտք է ըլլայ իրականացումը ՀԱՄԱՅՆ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒ ԿԱՄՔԻՆ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՏԷՐ ՄՆԱՆՔ ՀԱՄԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ:

Իրաւունքի պատմութեան էջը չի փակուիր, եթէ իրաւազրկուածը ինք չփակէ այդ էջը:

Խաղաղութեան պայմանագիրը, որ թութակաբար եւ որպէս քաղաքական առաջադրանք կը կրկնուի, գլխիկոր անձնատուութեան վաւերացման ճապկում է:

Ինչպիսի՞ խաղաղութիւն, ի՞նչ ընելու եւ ո՞ւր հասնելու համար:

Ազգային իրաւ քաղաքական առաջադրանք պէտք է ըլլայ իրաւունքի վերակագնման պայմանագրի բանակցութիւնը, ազատագրուելով ամբոխահաճութեան պատճառած գոհունակութենէ եւ ինքնագոհութենէ, որպէսզի գալիք սերունդները չբնովեն մեզ:

Ի՞նչ պիտի ըլլայ խաղաղութեան պայմանագրի վաղորդայնը:

Խօսի՛լ ճշմարտութեամբ:

Ճորճ Օրուէլ ըսած է. «Քաղաքական լեզուն ըմբռնուած է սուտերուն տալու համար ճշմարտութեան երեւոյթ, ընելու այնպէս, որ  ոճիրը դառնայ յարգելի եւ որպէս հաստատ համարելու այն ինչ որ սոսկ հով է»:  Իլհամ Ալիեւի պահանջած Ատրպէյճանի ամբողջականութեան ճանաչման խաղաղութեան պայմանագիրը եթէ դիտենք եւ հասկնանք Ճորճ Օրուէլի բանաձեւումով, աւելի ճիշդ կը կողմնորոշուինք եւ կը գործենք:

Աւելի պարզ. Հայաստանի եւ հայութեան իրաւունքները եւ ապագան մեր համաձայնութեամբ չենք յանձներ անոնց որոնք հետամուտ են մեր ոչնչացման:

Այս պահուս, Երեւանի ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ հրապարակին կը շարունակուի հազարաւորներու միասնական բողոքի ցոյցը ընդդէմ Հայաստանի իշխանութեան, որ 44-օրեայ պատերազմի անփառունակ պարտութեան հետեւանքներուն, որ մեր ժողովուրդին արժեց հազարաւոր երիտասարդներու կորուստ եւ նոյնքան եւ աւելի հաշմանդամներ: Նոյն իշխանութիւնը կը շարունակէ զոհել նաեւ հայրենի տարածքներ, զանոնք կարծէք կը յանձնէ որպէս պատերազմական աւար եւ փրկագին՝ իշխանութիւնը պահելու համար:

Կարգախօսը իշխանափոխութիւնն էր, որպէսզի Հայաստանը մնայ պատմութեան բեմին վրայ, ըլլայ ազատ եւ ինքնիշխան:

Ճշմարտութեան ժամ էր Ազատութեան հրապարակին վրայ:

Հազարաւոր ոստիկաններ կը հսկէին:

Յայտարարուեցաւ, որ վաղը քաղաքի հրապարակները պիտի փակուին:

Ինչպէ՞ս պիտի հակազդէ մերժուող իշխանութիւնը տասնեակներով հազարաւորներու պահանջին:

Ճակատագրական պահեր են:

Հայը կրնա՞յ անտարբեր մնալ եւ բաւարարուիլ լուրերով:

Իսկ «ազգային» իշխանութիւն մը կրնա՞յ խուլ ըլլալ եւ կառչիլ պարտութեան աթոռ-աթոռակներուն:

Կրնա՞յ կոյր ըլլալ եւ չտեսնել ծովացած բողոքը:

comments

Advertisement