Շտապ Օգնութիւն Մեր Սուրիահայ Հայրենակիցներուն

By ARS AU | Thursday, 17 September 2020




Սիրելի Հայրենակիցներ,

Օգոստոս ամսուայ սկզբնաւորութեան Սուրիահայ գաղութը մատնուեցաւ ահաւոր խուճապի, երբ Քորոնա պսակաձեւ ժահրի համաճարակը արագօրէն եւ մահացու կերպով տարածուեցաւ գաղութի շրջանակներէն եւ բնակարաններէն ներս: Վարակուեցան հարիւրաւոր հայրենակիցներ եւ դժբախտաբար մահացան շատեր նոյնիսկ երիտասարդներ եւ գաղութի պատասխանատու եւ ակնառու դէմքեր:

Վերջին տարիներուն երկրի տնտեսական վատ վիճակը եւ առօրեայ տարրական պիտոյքներուն վրայ եկած  յարատեւ սղաճը, արդէն իսկ իրենց լուրջ ազդեցութիւնը ձգած էին պատերազմէն հազիւ դուրս եկած Սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն ֆիզիքական, մտային եւ հոգեկան առողջութեան վրայ: Ու ահաւասիկ այս անգամ եկաւ համաճարակը կարծես քամելու ժողովուրդին մէջ մնացած պայքարելու եւ դիմագրաւելու կարողութեան վերջին կաթիլները:

Համապատասխան դեղորայքի չգոյութիւնը, երկրի առողջապահական համակարգի անկայուն վիճակը, կենցաղային զանազան աննպաստ պայմանները աւելի եւս դժուարացուցին համաճարակի դէմ պայքարը:

Նիւթական հասոյթը անհրաժեշտ է եւ մեր ժամանակը սահմանափակ

Այսու յանուն Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութեան եւ այս առթիւ կեանքի կոչուած Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Յանձնախումբին սրտի կոչ կ’ուղղենք ձեզի սիրելի հայրենակիցներ, որ անգամ մը եւս միահամուր ուժերով մեր օգնութեան ձեռքը երկարենք Սուրիահայ գաղութին: Կեանքի կոչուած Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Յանձնախումբը պիտի ձեռնարկէ զանազան աշխատանքներ որոնցմէ մէկն է հանգանակութիւն:

Հանգանակութենէն գոյացած գումարը Աւստրալահայ գաղութի անունով պիտի փոխանցուի Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութեան, որպէսզի ՀՕՄի խողովակով հասնի Սուրիահայ գաղութի առօրեայ անմիջական ու անհրաժեշտ պէտքերուն, յատկապէս դեղորայքի եւ բժշկական կարիքներուն: Ձեր նուիրատուութիւնները կրնաք փոխանցել ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան հետեւեալ դրամատան հաշուեհամարին.–

Account Name: Armenian Relief Society Regional Executive of Australia
BSB: 062-295
Account
Number: 10430743

Եւ կամ ձեր խոստումները կատարել հեռաձայնելով Յանձնախումբի անդամներուն՝

Ընկհ Սիլվա Փամպուքեան   0450 876 659            Ընկհ Սեւան Պազարճեան  0426 094 699

Ընկ Ռաֆֆի Շիշոյեան          0405 146 708            Ընկ Արա Թէրզեան               0410 633 567

Ընկհ Թիթառ Ափրիքեան      0401 810 681

Նախապէս կատարուած բոլոր  նուիրատուութիւնները պիտի յայտարարուին Սուրիահայութեան Օժանդակութեան նուիրուած առցանց Թելեթոնի ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի 11 Հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7.30-ին Արմենիա Մետիա-ի դիմատետրի (Facebook) էջով:

Լիայոյս ենք որ ինչպէս միշտ այս անգամ եւս կ'ընդառաջէք մեր կոչին եւ ինչպէս միշտ՝ որպէս գաղութ միասնաբար մեր յատկանշական բաժինը կը բերենք այս շատ կարեւոր ծրագրին:

Շնորհակալութեամբ՝

Աւստրալիոյ ՀՕՄի Շրջանային Վարչութիւն

comments

Advertisement