ՄԱԿի Պաշտօնեան Թուրքիոյ Ճնշումներուն Տակ Ջնջած է Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Թուիթըրի Իր Գրառումը

By Harut Sassounian - California Courier | Friday, 05 August 2022

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Անցեալ շաբաթ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը դիմեց վախցնելու իր սովորական մարտավարութեան՝ ստիպելով Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) բարձրաստիճան պաշտօնեան ջնջելու Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր «Թուիթըր»ի գրառումը:

27 Յուլիսին, ՄԱԿի Գլխաւոր խորհուրդի նախագահ Ապտուլա Շահիտ «Թուիթըր»ի վրայ գրառում մը հրապարակեց՝ չորս լուսանկարներով, որոնց մէջ ան կ՛երեւի Երեւանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրին դիմաց ծաղկեպսակ տեղադրելու պահուն: «Ծաղկեպսակ դրի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրին առջեւ: Յատուկ շնորհակալութիւն թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեանին եւ Յասմիկ Մարտիրոսեանին՝ թանգարանին մէջ շրջայցին համար», գրած է ան իր «թուիթ»ին մէջ: Մարութեան այցելու հիւրին նուիրած է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ գիրքեր եւ ցոյց տուած է Ատրպէյճանի կողմէ սպաննուած հայերու յիշատակին նուիրուած երեք խաչքարերը:

ՄԱԿի Գլխաւոր խորհուրդի նախագահին տեղադրած ծաղկեպսակը սպիտակ եւ կապոյտ ծաղիկներով էր, զարդարուած կապոյտ ժապաւէնով, որուն վրայ գրուած էր «Միացեալ Ազգեր»: Իր գրառման միւս լուսանկարներուն մէջ կ՛երեւէր, թէ ինչպէս ան մէկ վայրկեան լռութեամբ կը յարգէր զոհերուն յիշատակը յուշահամալիրի անմար կրակին մօտ, կը շրջէր Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ եւ կը ստորագրէր յուշամատեանը, ուր գրած է. «Ես շատ յուզուած եմ այս թանգարանը կատարած այցելութենէս: Շնորհակալ եմ ջերմ ընդունելութեան համար՝ Հայաստան իմ այցելութեան ընթացքին»:

Հայաստան կատարած եռօրեայ այցելութեան ընթացքին, ՄԱԿի Գլխաւոր խորհուրդի նախագահը հանդիպեցաւ Հայաստանի տարբեր պաշտօնեաներու հետ, որոնց շարքին՝ նախագահ Վահագն Խաչատրեանի, փոխվարչապետ Համբարձում Մաթեւոսեանի, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի, խորհրդարանի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան կին դիւանագէտներու հետ, նաեւ ելոյթ ունեցաւ արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանագիտական դպրոցի աւարտական արարողութեան ժամանակ:

Շահիտի այցելութենէն եւ գրառումէն կարճ ժամանակ ետք, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պաշտօնական յայտարարութիւն մը տարածեց՝ դատապարտելով զայն Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելելուն համար, եւ պնդելով, որ անոր այցելութիւնը Հայաստան «օգտագործուած է հայկական միակողմանի պահանջները բացայայտելու նպատակով, եւ նոյն այդ համաթեքսթին մէջ է, որ ան այցելած է այսպէս կոչուած Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը»:

«Իրմէ կ՛ակնկալուէր, որ գործէր արդար եւ անաչառ կերպով, աւելի զգոյշ եւ պատասխանատու ըլլար այս առումով: ՄԱԿի լիազօր մարմիններու անունով հանդէս եկող ներկայացուցիչները պէտք է կատարեն իրենց պարտականութիւնները ՄԱԿի իրաւական փաստաթուղթերուն եւ միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն ու կանոններուն համապատասխան, մասնաւորապէս 1948ի Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին համաձայնագիրին համապատասխան։ Մենք կը դատապարտենք եւ կը մերժենք քաղաքական շահարկումներու միջոցով պատմական փաստերն ու միջազգային իրաւունքը խեղաթիւրելու փորձերը: Թուրքիա այն կարծիքին է, որ 1915ի իրադարձութիւններուն հետ կապուած փաստերը պէտք է դիտարկուին լիարժէք, արդար եւ անկեղծ շրջանակներու մէջ», աւելցուց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Շահիտ, որ նաեւ Մալտիւներու Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարն է, այնուհետեւ անմիջապէս ջնջած է Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելութեան մասին իր գրառումը՝ ենթարկուելով թրքական ճնշումներուն:

Մինչ թրքական կառավարութիւնը յաջողած է իր կամքը պարտադրել ՄԱԿի պաշտօնեային, ոչ մէկ հայ պաշտօնեայ, որ հանդիպած է ՄԱԿի Գլխաւոր խորհուրդի նախագահին հետ, նեղութիւն չէ կրած հարցնելու, թէ ինչո՛ւ ան ջնջեց իր գրառումը, այլեւ՝ քննադատելու զայն:

Անշուշտ, ոչինչ կրնայ արդարացնել ՄԱԿի բարձրաստիճան պաշտօնեային հլու-հնազանդ պահուածքը, որ ենթարկուած է բռնապետական վարչակարգի մը հրահանգին, հակառակ ՄԱԿի սկզբունքներուն, զորս պահպանելու երդում տուած է ան: Երկու աղբիւրներ հաստատեցին թրքական կառավարութեան որոշ գործողութիւնները. Passblue.com կայքը բացայայտած է, որ Թուրքիա չեղեալ համարած է Շահիտի՝ Անգարա այցելութեան իր հրաւէրը: Թրքական Superhaber.tv-ն այնուհետեւ բացայայտած է, որ Թուրքիա յետս կոչած է Շահիտի ուղղուած հրաւէրը՝ 8-12 Օգոստոս մասնակցելու Անգարա կայանալիք դեսպաններու համաժողովին: Թուրքիա հաւանաբար կիրառած է քուլիսային այլ միջոցներ՝ Շահիտը ճնշելու համար:

Շատ վիրաւորական է, որ Շահիտ, համաձայնելով ջնջել իր «թուիթ»ը՝ անարգած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որ հաստատուած է նոյնինքն ՄԱԿի կողմէ: 29 Օգոստոս 1985ին, ՄԱԿի «Խտրականութեան կանխարգիլման եւ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան ենթայանձնախումբը», 15 կողմ, 1 դէմ եւ 4 ձեռնպահ ձայներու յարաբերակցութեամբ ընդունած է Ցեղասպանութեան մասին զեկոյց մը: «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ պատիժի վերաբերեալ վերանայուած ու թարմացուած զեկոյց»ը պատրաստած էր բրիտանացի յատուկ զեկուցող Պենճըմըն Ուիթըքըր: Նոյն զեկոյցի 24րդ կէտին մէջ կ՛ըսուի. «Նացիական շեղումը, դժբախտաբար, ցեղասպանութեան միակ դէպքը չէր 20րդ դարուն: Ի թիւս այլ օրինակներու, որոնք կրնան այդպէս որակուիլ՝ 1904ին գերմանական կոտորածը հերերոներուն, (եւ) Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայերու ջարդերը 1915-1916 թուականներուն…»: Զեկոյցը կը ներառէր նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ընդարձակ մատենագրութիւն: Այդ զեկոյցին աւելի կանուխ տարբերակը, զոր պատրաստած էր Ռուանտայէն ՄԱԿի յատուկ զեկուցող Նիքոտըմ Ռուհաշեանքիքօ, իր 30րդ պարբերութեան մէջ ներառած էր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին յիշատակում մը, որ հետագային ջնջուեցաւ ՄԱԿի կողմէ՝ թրքական կառավարութեան չափազանց մեծ ճնշումներուն իբրեւ հետեւանք: Այս փաստերուն մասին անձամբ գիտեմ, քանի որ 1978-1985 թուականներուն եղած եմ ՄԱԿի մէջ (Ժընեւ)՝ իբրեւ մարդկային իրաւունքներու հարցերով ոչ կառավարական կազմակերպութեան ներկայացուցիչ՝ հակազդելով Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակումը ջնջելու թրքական բազմաթիւ փորձերու:

Հայաստանի իշխանութիւնը կրնայ տեղեակ չըլլալ այս փաստերէն: Կ՛առաջարկեմ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան, որ խիստ ոճով գրուած բողոք մը ներկայացնէ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Գլխաւոր քարտուղարին, որպէսզի վերջինս վերականգնէ «Թուիթըր»էն ջնջուած իր գրառումը եւ ներողութիւն խնդրէ հայ ժողովուրդէն:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

comments

Advertisement