Ալիեւ Դարձեալ Կը Խօսի Երեւանին Եւս Տիրանալու Մասին

By Asbarez | Friday, 11 December 2020

1212erdo ali

ԹՈՒՐՔԻԱ ԿՐՆԱՅ ԲԱՆԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ՍԱՀՄԱՆԸ. ԷՐՏՈՂԱՆ

ՊԱՔՈՒ, «Անատոլու», «Ազատութիւն».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Չորեքշաբթի օրուան երկրորդ կիսուն մեկնեցաւ Պաքու՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրաւէրին ընդառաջելով: Պաքուի մէջ ան դիմաւորուեցաւ Ալիեւի կողմէ, իսկ Հինգշաբթի օր Էրտողան Պաքուի մէջ մասնակցեցաւ Ատրպէյճանի բանակի յաղթանակի տողանցքին, որ նուիրուած էր Արցախի պատերազմին ընթացքին արձանագրուած յաջողութեան:

Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներուն՝ Էրտողան-Ալիեւ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ Արցախի յետ-պատերազմեան կացութիւնը:

Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիա եղած է ու կը մնայ Ատրպէյճանի կողքին: Ըստ անոր՝ Թուրքիա կը խոստանայ նաեւ աջակցիլ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներու վերակառուցման եւ զարգացման:

Իր կարգին, Ալիեւ յայտնեց, որ այս ուղղութեամբ իր երկիրը արդէն իսկ շարք մը պայմանագիրներ կնքած է թրքական ընկերութիւններու հետ:

Իսկ տողանցքին ընթացքին, Ալիեւ, թուարկելէ ետք Արցախի մէջ բռնագրաւուած տարածքները, անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի տարածքին՝ պնդելով, թէ Զանգեզուրը, Երեւանը, Սեւանը նույնպէս ատրպէյճանական պատմական հողեր են…

Իր կարգին, Էրտողան յայտնեց, թէ եթէ տարածաշրջանային խաղաղութեան ուղղուած դրական քայլեր ձեռնարկուին, Թուրքիա կրնայ բանալ Հայաստանի սահմանը՝ աւեցնելով. «Եթէ հայ ժողովուրդը դասեր քաղէ ղարաբաղեան պատերազմէն՝ տարածաշրջանին մէջ նոր դարաշրջան պիտի բացուի»:

comments

Advertisement