Պաքու Թուրքիայէն Նոր Սպառազինութիւն Պիտի Գնէ

By Asbarez | Friday, 26 February 2021

0226azr trk

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Ատրպէյճան նոր համաձայնագիրներ ստորագրած է Թուրքիոյ հետ` սպառազինութիւն ձեռք բերելու համար, 26 Փետրուարին յայտարարեց Իլհամ Ալիեւ՝ աւելցնելով. «Այս քայլը աւելիով պիտի հզօրացնէ մեր բանակը»:

Ան մանրամասնութիւններ չտուաւ գնուելիք զինատեսակներուն մասին, այլ պարզապէս բարձր գնահատեց թրքական արտադրութեամբ զէնքերը, որոնք Պաքուն գործածած էր Արցախի 44օրեայ պատերազմին ընթացքին:

«Հայաստան երբեք այսքան ողբալի վիճակի մէջ չէ եղած, որքան այսօր, եւ ատոր պատճառը անցնող քսան տարիներուն ընթացքին անոր իրերայաջորդ ղեկավարներն են», ըսաւ Ալիեւ:

Հայաստան «Ատրպէյճանի հետ իր պատերազմէն ետք մեծ տագնապներ կը դիմագրաւէ», նշեց ան՝ պնդելով, որ «հայկական բանակ այլեւս չկայ եւ պէտք չէ ըլլայ, որպէսզի մեզի համար սպառնալիք չստեղծուի կամ ազատագրուած տարածքները վերադարձող մեր քաղաքացիները չվտանգուին»:

«Հայաստան ամէն օր ներքին տագնապներ եւ ժողովրդավարական սկզբունքներու ոտնահարում կը դիմագրաւէ», նշեց Ալիեւ` շեշտելով. «Հայկական ընդդիմութիւնը ամէն օր մեծ ճնշումներու կ՛ենթարկուի, սակայն կարգ մը երկիրներ եւ կազմակերպութիւններ, որոնք ժողովրդավար ըլլալ կը յաւակնին, կ՛անտեսեն այս ճնշումները»:

comments

Advertisement