Փութին Ալիեւի Հետ Քննարկեց Լեռնային Ղարաբաղի Իրավիճակը

By Asbarez | Thursday, 08 April 2021

0409putin

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին հետ, Փութինի՝ Փաշինեանի հետ նախապէս ունեցած բանակցութիւններու լոյսին տակ: Զրուցակիցները շարունակեցին քննարկումները Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակին, անոր հետագայ կայունացման վերաբերեալ՝ համապատասխան Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներուն 9 Նոյեմբեր 2020ի եւ 11 Յունուար 2021ի յայտարարութիւններուն:

Յատկապէս, առարկայական նկատուեցան խաղաղութեան ապահովման, անվտանգութեան եւ տարածաշրջանի ընկերային-տնտեսական աստիճանական զարգացման հարցերը, ինչպէս նաեւ փոխադրական հաղորդակցութիւններու վերականգնման աշխատանքներուն ընթացքը: Նոյն ժամանակ նկատի առնուեցան Մոսկուայի մէջ 7 Ապրիլին տեղի ունեցած ռուս-հայկական բարձր մակարդակի բանակցութիւններուն արդիւնքները:

Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ աշխուժացնելու կապերը՝ տարբեր ձեւաչափերով:

comments

Advertisement