Վրաստանի Մէջ Հայկական Եկեղեցիները Վտանգուած Են․ Մոսկուա

By Asbarez | Wednesday, 14 July 2021



ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է մարդկային իրաւունքներու իրավիճակին մասին զեկուցում մը, որուն մէջ, ի շարս բազմաթիւ երկիրներու, տեղ գտած է նաեւ Վրաստանը:

Վրաստանի մասին հատուածին մէջ ուշադրութեան արժանի են յատկապէս հայ համայնքին վերաբերող տողերը: Կը բարձրաձայնուին վրացահայերուն վերաբերող բազմաթիւ հարցեր:

«Միջազգային եւ վրացական իրաւապաշտպան հասարակական կազմակերպութիւնները, ինչպէս նաեւ Վրաստանի ժողովրդական պաշտպանը պարբերաբար անհանգստութիւն կը յայտնեն ազգային փոքր խումբերու մեկուսացման եւ վրացական «մեծամասնութենէն» օտարուելու կապակցութեամբ: Հայկական եւ ատրպէյճանական մեծ համայնքներու ներկայացուցիչներու երկրի հասարակական-քաղաքական կեանքին մասնակցութեան աստիճանը կը շարունակէ մնալ չափազանց ցած, ինչ որ անոնց չ՛արտօներ ամբողջութեամբ համարկուիլ վրացական հասարակութեան մէջ: Հանրային գործերուն անոնց մասնակցութեան խոչընդոտները տարածքային հիմքով քաղաքական կուսակցութիւններու ստեղծման արգելքն է, որ կը սահմանուի Վրաստանի սահմանադրութեան 23.3 յօդուածով: Եւրոպական խորհուրդի Վենետիկի յանձնախումբը բազմաթիւ անգամներ բացասական կարծիքներ յայտնած է սահմանադրական այս կէտին վերաբերեալ», կը նշէ զեկուցումը:

Անդրադարձ կը կատարուի նաեւ հայերու ազգային ինքնութեան պահպանման հարցերուն:

«Օրինակ` հայ համայնքը շատոնց կը բարձրացնէր Սամցխէ-Ջաւախքի ինքնավարութեան հարցը, իսկ Քուեմօ-Քարթլիի ատրպէյճանցիները կը պահանջեն լայն ներկայացուցչութիւն տեղական մարմիններու մէջ, ուր բոլոր հիմնական պաշտօնները կը վարեն վրացիները: Այս կոչերը չեն գտներ Վրաստանի ղեկավարութեան աջակցութիւնը, որ զանոնք կը նկատէ իբրեւ անջատողական տրամադրութիւններու արտայայտութիւն: Նաեւ, վրացական լրատուամիջոցներու մէջ յաճախակի դարձած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ վրայ յարձակումները: 2011ին Վրաստանի մէջ «Կրօնական դաւանանքներու ազատ արձանագրման մասին» օրէնքի որդեգրումէն ի վեր արձանագրուած են բազմաթիւ յարձակումներ` հայկական եկեղեցիներու վրայ», կը նշուի զեկուցումին մէջ:

comments

Advertisement