Իրանի Եւ Ատրպէյճանի Յարաբերութիւնները Բարելաւելու Ջանքեր

By Asbarez | Thursday, 11 November 2021

ԹԵՀՐԱՆ. «Մեհր».- Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ երկրի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան Շաբաթ օր Ատրպէյճանի իր պաշտօնակից Ճէյհուն Պայրամովի հետ հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին քննարկեց երկու երկիրներուն միջեւ «եղբայրական ու սերտ» յարաբերութիւնները բարելաւելու ջանքերը՝ նշելով. «Վերջին ամիսներուն, երկու երկիրներուն միջեւ թիւրիմացութիւններու լոյսին տակ, աշխուժացած են այն կողմերը, որոնք երկու երկիրներուն միջեւ լաւ յարաբերութիւնները չեն սիրեր»:

«Պէտք չէ այլոց արտօնել երկու երկիրներուն միջեւ թիւրիմացութիւնը օգտագործել անոնց վնաս հասցնելու համար: Որեւէ սխալ հասկացողութիւն պէտք է լուծել բարեկամութեան եւ եղբայրութեան մթնոլորտի մէջ, եւ Պաքու պատրաստ է Թեհրանի հետ յարաբերութիւններու ընդաարձակման», իր կարգին յայտարարեց Պայրամով

«Մենք մեր դրացիները կը նկատենք մեր բարեկամները եւ կը գնահատենք բարեկամական յարաբերութիւններ պահպանելու սկզբունքը», եզրակացուց Իրանի արտաքին գործոց նախարարը:

comments

Advertisement