Մոսկուա Կարեւոր Կը Նկատէ Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Արցախ Այցելութիւններու Վերսկսիլը

By Asbarez | Wednesday, 17 November 2021



ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն», «Արմէնփրէս»․- «Ռուսիաս կարեւոր կը նկատէ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն՝ ամբողջական կազմով, Ղարաբաղ այցելութիւններու շուտափոյթ վերսկսիլը», Չորեքշաբթի օր Մոսկուայի մէջ յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա:

«Մինսքի խմբակի համանախագահներու ձեւաչափը լայն միջազգային աջակցութիւն կը վայելէ: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կարեւոր կը համարէ նաեւ «եռեակ»ի ջանքերը` նախ եւ առաջ տարածաշրջանին առջեւ ծառացած ընկերային-տնտեսական եւ մարդասիրական հարցերու լուծման պարունակին մէջ», նշեց Զախարովա:

Զախարովա աւելցուց, թէ ժամանակն է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ 3+3 (Ատրպէյճան, Հայաստան, Վրաստան, Ռուսիա, Թուրքիա եւ Իրան) խորհրդատուական ձեւաչափի ծրագիրները տեղափոխել գործնական հուն: «Վրաստանէն կը լսենք իրարամերժ յայտարարութիւններ այս խորհրդատուական համակարգին մասնակցութեան առնչութեամբ: Մենք կը կարծենք, որ 3+3 ձեւաչափը կը համապատասխանէ տարածաշրջանի բոլոր պետութիւններու շահերուն», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, հաղորդուեցաւ, թէ 12 Նոյեմբերին, Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք եւ Լիպիոյ տագնապին նուիրուած միջազգային համաժողովի ծիրին մէջ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան եւ Ռուսիոյ անոր պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրով պիտի ունենան անջատ հանդիպում մը, որուն օրակարգին վրայ կայ նաեւ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ջանքերուն քննարկումը:

comments

Advertisement