Ըստ Էրտողանի, Սոչիի Հանդիպումը Լուծեց Արաքս Գետի Երկայնքով Երկաթուղիի Եւ Մայրուղիի Կառուցման Հարցը

By Asbarez | Wednesday, 01 December 2021

ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Ըստ «Ռիա Նովոստի»ի՝ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ իր ատրպէյճանցի պաշտօնակիցը՝ Իլհամ Ալիեւ, իրեն պատմեց Սոչիի մէջ Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու հանդիպման դրական արդիւնքներուն մասին:

«Ալիեւ ըսաւ, որ այս հանդիպումը շատ արդիւնաւէտ էր. անիկա լուծեց Արաքս գետի երկայնքով երկաթուղիի եւ մայրուղիի կառուցման հարցը: Բացի այդ, նիւթ կայ դէպի Իգտիր մայրուղիին մասին. ասիկա յաջող քայլը պիտի ըլլայ Նախիջեւանի հարցը լուծելու, ինչպէս նաեւ Հայաստանով ճամբորդելու համար, եւ մարդիկ պիտի կարենան անցնիլ, ապրանքներ տեղափոխել», ըսաւ Էրտողան՝ Թիւրքմենստան կատարած այցելութենէն ետք: Անոր խօսքը մէջբերած է Kanal 7 պատկերասփիւռի կայանը:

Էրտողան յիշեցուց, որ Անդրկովկասի մէջ հարցերու կարգաւորման վերաբերող «3+3» ձեւաչափով բանակցութիւններ վարելու Թուրքիոյ առաջարկը: «Մենք նախապէս առաջարկած էինք ստեղծել «վեցի հարթակ»՝ Ռուսիա, Թուրքիա, Ատրպէյճան, Հայաստան, Իրան եւ, կարելիութեան պարագային՝ Վրաստան», յայտնեց ան:

Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ օր, Սոչիի մէջ եւ տեւեց շուրջ երեք ժամ: Մասնաւորապէս, ղեկավարները համաձայնեցան մինչեւ տարեվերջ յառաջացնել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման գործիքակազմեր, քայլերու ձեռնարկել՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանի կայունութեան եւ անվտանգութեան մակարդակը բարձրացնելու:

Հանդիպումին աւարտին յայտարարուեցաւ, որ յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի հրապարակուին յառաջիկային, բայց երեք կողմերէն դուրս Թուրքիան եղաւ առաջինը՝ այս հանդիպումին մասին տեղեկութիւն փոխանցող:

comments

Advertisement