Պայտըն Պիտի Պահպանէ Թուրքիոյ Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները

By Asbarez | Tuesday, 27 July 2021



ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկացի դիւանագէտ մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայդնած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն պիտի պահպանէ ռուսական «Էս. 400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր գնելուն պատճառով, Թուրքիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները:

Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ Դեկտեմբեր 2020ին Թուրքիոյ պաշտպանական գնումներով զբաղող գործակալութեան դէմ սահմանափակող միջոցներ հաստատեց, երբ Անգարա սկսաւ «Էս. 400»ները փորձարկել:

comments

Advertisement