ՄԱԿը Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանի Լարուածութեան Վերաբերեալ

By Asbarez | Thursday, 29 July 2021



ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին աճող լարուածութիւնը մտահոգութիւն կը յառաջացնէ ՄԱԿի մօտ։  Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին այս հաստատումը կատարեց ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնական փոխներկայացուցիչ Ֆարհան Հաք` անդրադառնալով 28 Յուլիսին Հայաստանի սահմանին ատրպէյճանական կողմին սանձազերծած ռազմական գործողութիւններուն:

«Մենք աճող անհանգստութեամբ կը հետեւինք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին տիրող լարուած իրավիճակին վերաբերող տեղեկութիւններուն, որոնց կարգին նաեւ՝ վերջին միջադէպին, որուն մասին տեղեկութիւն ստացանք այսօր: Թէեւ ՄԱԿը չի կրնար ստուգել այս տեղեկութիւնները, սակայն մենք կոչ կ՛ուղղենք կողմերուն՝ ցուցաբերելու զսպուածութիւն, հրաժարելու ամէն տեսակի գործողութենէ, որ կրնայ լարուածութիւնը սաստկացնել, եւ հարցերը լուծելու երկխօսութեան միջոցով», յայտնեց Հաք:

comments

Advertisement