Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի, Վրաստանի Եւ Նախիջեւանի Մասնակցութեամբ Ռազմափորձեր

By Asbarez | Saturday, 07 August 2021



ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Անգարայի մէջ, 3 Օգոստոսին սկսան «Կովկասեան արծիւ» ռազմափորձերը, որոնց կը մասնակցին Թուրքիայէն, Ատրպէյճանէն, Վրաստանէն եւ  Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան զինուած ուժերու յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներէն զինուորներ:

Զօրավարժութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ 8 Օգոստոս:

Անոնց նպատակն է՝ զօրացնել համագործակցութիւնը նշեալ կողմերուն յատուկ ջոկատայիններուն միջեւ, փորձի եւ գիտելիքի փոխանակում, ինչպէս նաեւ համատեղ գործողութիւններ իրականացնելու մակարդակի բարձրացում:

Ուքրաինա այս զօրավարժութիւններուն կը մասնակցի՝ իբրեւ դիտորդ երկիր:

comments

Advertisement