Փութինի Հետ Տեսակցելէ Ետք, Էրտողան Դարձեալ Կը Խօսի Զանգեզուրի Միջանցքին Մասին

By Asbarez | Friday, 01 October 2021

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Ազատութիւն».- Չորեքշաբթի օր, Սոչիի մէջ տեղի ունեցաւ Վլատիմիր Փութինի եւ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ հանդիպումը, որուն ընթացքին անոնք կարծիքներ փոխանակեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու եւ տարածաշրջանին ու միջազգային ասպարէզին մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ:

Ռուսիոյ նախագահը պնդեց, որ Արցախի մէջ Թուրքիոյ ազդեցութիւնը կը նպաստէ կողմերուն հաշտեցման:

«Ղարաբաղի մէջ զինադադարի վերահսկման կեդրոնը աշխուժ գործունէութիւն կը ծաւալէ: Այդ համագործակցութիւնը տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ հաշտեցման ուղղուած հետագայ քայլերու շուրջ կողմերու դիրքորոշումներու համաձայնեցման լուրջ երաշխիք է», ըսաւ Փութին:

Ան նաեւ ընդգծեց, որ Ռուսիա եւ Թուրքիա յաջող համագործակցութիւն կը ծաւալեն նաեւ միջազգային մակարդակի վրայ, ներառեալ՝ Լիպիոյ եւ Սուրիոյ մէջ:

Փութին աւելցուց, որ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը կայունութեան երաշխիք է: «Բանակցութիւնները երբեմն բարդ են, սակայն կ՛աւարտին դրական արդիւնքով: Մեր նախարարութիւնները սորված են գտնել փոխադարձ զիջումներ, որոնք շահաւէտ են երկու երկիրներուն համար», ըսաւ ան:

Իր կարգին, Էրտողան Փութինին շնորհակալութիւն յայտնեց յատկապէս զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան համար՝ ընդգծելով, որ մեծ թիւով ռուս զբօսաշրջիկներ սկսած են իր երկիրը այցելել:

Էրտողան նաեւ ընդգծեց ռազմապաշտպանական ոլորտին մէջ կատարուող միացեալ քայլերը՝ պնդելով, որ տարածաշրջանին մէջ կայունութիւնը անմիջականօրէն պայմանաւորուած է ռուս-թրքական յարաբերութիւններով:

Ան նշեց, որ Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միացեալ քայլերը մեծ կարեւորութիւն ունին, եւ այս տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնը կախեալ է երկու երկիրներու յարաբերութիւններէն:

Էրտողանի եւ Փութինի դռնփակ հանդիպումը տեւեց 2 ժամ 45 վայրկեան:

«Մենք Սոչիէն կը վերադառնանք գործընկերոջս՝ Փութինի հետ արդիւնաւէտ հանդիպումէն ետք», գրած է Էրտողան, իսկ լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին ան դարձեալ անդրադարձաւ «Զանգեզուրի միջանցք»ին՝ կարեւոր համարելով անոր կարեւորութիւնը ամբողջ տարածաշրջանին համար:

«Այդ հատուածին մէջ գործարկուելիք ցամաքային եւ երկաթուղային ճամբաները տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն համար առեւտրական-տնտեսական հնարաւորութիւններ պիտի բերեն: Ատրպէյճան այս միջանցքին համար լայնածաւալ աշխատանքներ կը տանի: Անշուշտ, Հայաստան եւս պէտք է իր պարտաւորութիւնները կատարէ», ըստ TRT Haber-ի՝ ըսաւ Թուրքիոյ նախագահը:

comments

Advertisement