Շրջանին Մէջ Սահմաններու Փոփոխութիւնը Մեզի Համար Անընդունելի Է. Թեհրան

By Asbarez | Wednesday, 06 October 2021



ԹԵՀՐԱՆ, «Ալիք»․- Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հուսէյն Ամիր Ապտոլլահեան Իրանի պատկերասփիւռի առաջին կայանի «Առաջին Հայեացք» յայտագիրէն անդրադարձաւ Իրան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու լարուածութեան` շեշտելով, որ Իրանի համար անընդունելի է շրջանին մէջ սահմաններու փոփոխութիւնը:

Անդրադառնալով Իսրայէլի, ինչպէս նաեւ ահաբեկչական խմբաւորումներու՝ Ատրպէյճանի մէջ ներկայութեան՝ ան ըսաւ. «Վերջին պատերազմին ընթացքին ահաբեկչական խմբաւորումները տեղափոխուեցան այս ճգնաժամային տարախշրջանը: Այս խմբաւորումները յարմար առիթի կը սպասեն` իրենց չար նպատակները իրականացնելու համար։ Նոյն ժամանակ, սիոնական վարչակարգը իր կարգին փորձեց առաւելագոյնս օգտագործել այս կարելիութիւնը, եւ Իրանի սահմաններուն մօտենալու իր անյաջող փորձերու ծիրին մէջ, տեղակայուեցան Ատրպէյճանի կարգ մը շրջաններու մէջ»:

Ապտոլլահեան նշեց, որ Թեհրան զգուշացուցած է Պաքուն, որ երբեք պիտի չհանդուրժէ Իսրայէլի ներկայութիւնը եւ սադրիչ գործողութիւնները իր դրացնութեամբ:

Անդրադառնալով տարածաշրջանին մէջ սահմաններու փոփոխութեան ուղղուած թուրք-ատրպէյճանական դաշինքի գործողութիւններուն` Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարը ըսաւ. «Մենք չափազանց զգայուն ենք շրջանին մէջ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ եւ յստակօրէն Ատրպէյճանի Հանրապետութեան յայտնած ենք, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը ուշադիր կը հետեւի այդ տեղաշարժերուն եւ որ շրջանի սահմաններու փոփոխութիւնը մեզի համար անընդունելի է», ըսաւ Հուսէյն Ամիր Ապտոլլահեան:

comments

Advertisement