Ռուսիա Կաջակցի Տարածաշրջանին Մէջ 3+3 Ձեւաչափով Խորհրդատուական Գործիքակազմի Յառաջացման

By Asbarez | Friday, 05 November 2021



ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ 9 Նոյեմբեր 2020ին կնքուած համաձայնագիրի տարելիցին առիթով, Ռուսիա յաջորդ շաբաթ հանդէս պիտի գայ լայն անդրադարձով: Այս յայտարարութիւնը կատարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա:

Ան հաստատեց, որ ներկայիս  բոլոր ուղղութիւններով աշխատանքները կը շարունակուին։ Զախարովա դիտել տուաւ, որ վերջին օրերուն Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը հեռաձայնային զրոյցներ ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի՝ իր պաշտօնակիցներուն հետ։

«Նախարարները համակարծիք են, որ անցնող տարի շրջանին մէջ իրադրութիւնը կայունացած է, զինադադարի պահպանման դրութիւնը ընդհանուր առմամբ կը յարգուի: Պաքու եւ Երեւան բարձր կը գնահատեն ռուս խաղաղապահներուն դերը: Առանձին միջադէպերը կը լուծուին փոխգործակցութեան կապերու միջոցով: Ջանքեր կը տարուին նաեւ հաղորդակցութեան կապերու ապաարգելափակման ուղղութեամբ», նշեց Զախարովա։

«Մենք հարցի համալիր լուծումը կը տեսնենք հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացներուն սկսելով: Անշուշտ, աշխոյժ աշխատանք կը տարուի ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակին կողմէ», յայտնեց Զախարովա:

Պատասխանելով յառաջիկային հնարաւոր նոր փաստաթուղթերու ստորագրութեան, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու հնարաւոր հանդիպման վերաբերող հարցումին` Զախարովա ըսաւ, որ տակաւին անոնց մասին տեղեկութիւն չունի՝ նշելով, որ ըլլալու պարագային համապատասխան յայտարարութիւն կը կատարուի։

Անդրադառնալով տարածաշրջանին մէջ 3+3 ձեւաչափը գործի դնելու մասին յայտարարութիւններուն եւ այդ գծով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան դիրքորոշման՝ Զախարովա ըսաւ. «Մենք կ՛աջակցինք Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն կողմէ ներկայացուած գաղափարին` նման խորհրդատուական տարածաշրջանային գործիքակազմի մը յառաջացման վերաբերող: Անիկա կը կոչուի 3+3. խօսքը Հարաւային Կովկասի երկիրներուն ու անոնց դրացիներուն մասին է` Ատրպէյճանի, Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի: Անշուշտ, մենք կը կարծենք, թէ ժամանակը հասած է այս ծրագիրները գործնական հարթութիւն տեղափոխելու: Բազմակողմանի տարածաշրջանային համագործակցութիւնը կը բխի այս ձեւաչափի բոլոր մասնակցողներու շահերէն: Մեր կարծիքով` ասոր իրականացումը կ՛աւելցնէ վստահութիւնը միջպետական յարաբերութիւններուն մէջ, հակասութիւններու կարգաւորման գործին մէջ, պիտի բանայ տարածաշրջանի տնտեսական ու հաղորդակցութեան ներուժը: Ձեւաչափը կրնայ եւ պէտք է լուծումներ առաջարկէ թէ՛ հին հարցերուն եւ թէ նոր մարտահրաւէրներուն»։

comments

Advertisement