Սիտնի- Համազգայինի Աւստրալիոյ շրջանի 14-րդ շրջանային ժողովը գումարուեցաւ 6,7 եւ 12 Մայիսին եւ յաջողութեամբ աւարտեց իր աշխատանքները:
Ժողովը քննեց շրջանաւարտ Շրջանային վարչութեան երկամեայ գործունէութիւնը եւ իր բանաձեւով բարձր գնահատեց տարուած աշխատանքները:
Ժողովը հանգամանօրէն անդրադարձաւ համազգայինի գործունէութեան մշակութային ու կրթական բոլոր հարցերուն եւ կազմեց յառաջիկայ երկամեակի գործունէութեան ուղեգիծ:
Ժողովը յատկապէս անդրադառնալով համազգային Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն ճեմարանի աշխատանքներուն, հաստատեց որ նորընտիր Շրջանային վարչութիւնը նոյն թափով շարունակէ հոգածութիւն ցուցաբերել եւ աջակցելով խնամակալութեան նպաստէ ճեմարանի վերելքին:
Ժողովը նաեւ գնահատեց բոլոր այն ծնողներու կեցուածքը, որոնք գիտակցելով հայ դպրոցի կարեւորութեան, զօրավիգ կը կանգնին հայ դպրոցին ղրկելով իրենց զաւակները հայկական վարժարան:
Ժողովը բարձր գնահատեց համազգայինի բոլոր մասնաճիւղերու տարած մշակութային ու կրթական աշխատանքները եւ թելադրեց որ նորընտիր Շրջանային վարչութիւնը հսկէ որ նոյն թափը շարունակենք, որպէսզի հայ հասարակութեան հրամցուին բարձրորակ մշակութային ձեռնարկներ:
Ժողովը յատուկ գնահատանքով անդրադարձաւ նաեւ համազգայինի Պարի Անսամպլի գործունէութեան, թելադրելով որ նորընտիր վարչութիւնը շարունակէ քաջալեր հանդիսանալ այս կարեւոր աշխատանքին, որ ան շարունակէ գաղութիս ներկայացնել հայկական տոհմիկ պարերու ելոյթներ:
Ժողովը իր աւարտին ընտրեց Շրջանային վարչութեան նոր կազմ բաղկացած հետեւեալ ընկեր/ընկերուհիներէ.-
Հերոս Գրիգորեան
Աեդա Յովակիմեան
Սիլվա Նազարեան
Արթօ Զարիկեան
եւ Արշալոյս թահմիզեան: