Ալիեւ Կը Սպառնայ Ոչնչացնել Հադրութը Եւ Շուշին Վերադարձնելու Մասին Խօսողները

By Asbarez | Thursday, 13 May 2021

0512Aliyev

ՊԱՔՈՒ․- «40 քիլոմեթրնոց Զանգեզուրի միջանցքը, որ մեզ Նախիջեւանէն կը բաժնէ, պիտի բացուի», «Ազ Թի.Վի.» պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ՝ նշելով, որ միջանցքին բացումը եռակողմ յայտարարութեան կէտերէն մէկն է:

«Փաստաթուղթը ստորագրելէ ետք Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ փոխվարչապետներու մակարդակով աշխատանքային խումբը այդ հարցին շուրջ շատ լուրջ քայլերու ձեռնարկեց: Վստահաբար կրնամ ըսել` երկաթուղային միջանցքը պիտի բացուի: Ատրպէյճան պիտի կատարէ իր բոլոր պարտաւորութիւնները», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «Ռուսական երկաթուղիներ»ը Հայաստանի երկաթուղիներու սեփականատէրն է, այդ պատճառով Պաքուն այդ հարցը ռուսական կողմին հետ կը քննարկէ:

Ան նաեւ կոչ ուղղեց հրաժարելու Արցախի մէջ վրէժխնդրութեան ծրագիրներէն, ազդարարելով, որ հակառակ պարագային` այդ վրէժխնդրական ուժերը պիտի կործանին: «Ոչ ոք պիտի կարենայ զանոնք պաշտպանել: Թող անոնք ոչ մէկուն վրայ յոյս դնեն», ըսաւ Ալիեւ:

«Կը հետեւինք բոլոր յայտարարութիւններուն: Հայաստանի մէջ թէ՛ իշխանութիւնները, թէ՛ ընդդիմութիւնը եւ թէ բոլոր անոնք, որոնք կը զբաղին քաղաքականութեամբ, կը բարձրաձայնեն Հադրութը, Շուշի քաղաքը վերադարձնելու մասին: Մենք տակաւին զսպուածութիւն կը ցուցաբերենք: Սակայն ես անոնց կը յորդորեմ կրակի հետ չխաղալ: Անոնք տեսան մեր բռունցքը: Այս բռունցքը իր տեղն է: Ոչ ոք կրնայ մեզի դիմադրել: Եթէ տեսնենք ամէնէն փոքր վտանգը, անոնք անմիջապէս պիտի ոչնչացուին», սպառնաց Ալիեւ։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement