Ռիքըր Վերահաստատեց Ամերիկեան Դիրքորոշումը Սահմանէն Հեռացնելու Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերը

By Asbarez | Thursday, 10 June 2021

ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու օգնականի պաշտօնակատար Ֆիլիփ Ռիքըր հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգները պատրաստ է ամրապնդելու գործընկերութիւնը Հայաստանի հետ` հիմնուելով ժողովրդավարական ընդհանուր արժէքներու վրայ:

Ան շեշտեց ընտրութիւններուն հիմնարար ազատութիւններուն հանդէպ յարգանք ապահովելու եւ Հայաստանի 2018ի ընտրական նշաձողը պահպանելու կամ գերազանցելու կարեւորութիւնը:

Ռիքըր վերահաստատեց, որ Միացեալ Նահանգները՝ իբրեւ Մինսքի խումբի համանախագահ, պատրաստ է իր մասնակցութիւնը բերելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցը խաղաղ կերպով լուծելու բանակցութեան մէջ եւ շարունակելու պահանջել հայ ռազմագերիները եւ քաղաքացի գերիներու վերադարձը:

Ամերիկեան կողմը ընդգծեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին տիրող իրավիճակի լարուածութեան թուլացման անհրաժեշտութիւնը` վերահաստատելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան 27 Մայիսի յայտարարութեամբ ամրագրուած դիրքորոշումը, ըստ որուն, Ատրպէյճանի զինուած ուժերը պէտք է ետ քաշուին 11 Մայիսի դրութեամբ տեղակայուած դիրքերը:

Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը տեղեկացուց, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու օգնականի պաշտօնակատար Ֆիլիփ Ռիքըր նաեւ տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին` Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին անունով ծաղկեպսակ զետեղելով Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի անմար կրակին շուրջ։

Նշենք, թէ Ռիքըր Միացեալ Նահանգներու առաջին բարձրաստիճան ներկայացուցիչն է, որ պաշտօնապէս կ՛այցելէ Ծիծեռնակաբերդ։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement