Պատրաստ Եմ Մեր Ունեցած Քարտէզներն Ինձ Հետ Տանել Եւ Ադրբեջանի Նախագահին Կոչ Եմ Անում Իր Հետ Բերել Մեր Բոլոր Գերիներին. Փաշինեան

By Asbarez | Wednesday, 06 October 2021



ՎԻԼՆԻՒՍ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Լիթուանիա տուած պաշտօնական այցելութեան շրջագիծին մէջ, երկրի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին վերահաստատեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպում ունենալու պատրաստակամութիւնը եւ անդրադարձաւ գերիները վերադարձնելու ու ականապատ տարածքներու քարտէսներու հարցին:

Ան շեշտեց, որ ինչպէս նախապէս յայտարարած էր, ներկայիս ալ կը հաստատէ, որ պատրաստ է հանդիպում ունենալու Ատրպէյճանի նախագահին հետ: «Ես պատրաստ եմ մեր ունեցած բոլոր քարտէզներն ինձ հետ տանել եւ Ադրբեջանի նախագահին կոչ եմ անում իր հետ բերել մեր բոլոր գերիներին», ըսաւ Փաշինեան:

Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ Հայաստան երբեք ներգրաւուած չէ եղած եւ երբեք պիտի չներգրաւուի դաւադրութեան մէջ` ընդդէմ Իրանի, որովհետեւ Հայաստանի համար այդ երկրին հետ յարաբերութիւնները շատ կարեւոր են։

4 Հոկտեմբերին, վարչապետը տեսակցութիւններ ունեցաւ Լիթուանիոյ բարձրաստիճան իշխանաւորներուն հետ. նախագահ Կիթանաս Նավսետային հետ հանդիպումին եւս Փաշինեան անդրադարձաւ Իլհամ Ալիեւի հետ հաւանական հանդիպման: «Կարծում եմ` հանդիպման ժամկէտի եւ տեղի սահմանափակում չունեմ, որովհետեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահները նման հանդիպում կազմակերպելու պրակտիկա (կիրառութիւն) ունեն: Թերեւս միակ տրամաբանական սահմանափակումն այն է, որ այդ հանդիպումները տեղի են ունենում երրորդ երկրների տարածքում: Իրականում իմ պատրաստակամութիւնը նոր չէ, որովհետեւ ես արդէն վերջին ամիսներին մի քանի անգամ ողջունել եմ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահների յայտարարութիւնը, որը վերաբերւում է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ եւ համապարփակ կարգաւորմանը` ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահութեան կողմից սեղանին դրուած սկզբունքների եւ տարրերի հիման վրայ: Եւ ես յոյս ունեմ, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահութեան ներքոյ հնարաւոր կը լինի ակտիւացնել (աշխուժացնել) Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորմանն ուղղուած ջանքերը», ըսաւ Փաշինեան։

Լիթուանիոյ նախագահը իր երկրի աջակցութիւնը յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման վերաբերող ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանագահութեան ջանքերուն:

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրի ծիրին մէջ համագործակցութեան, ԵՄի կողմէ Հայաստանի համար նախատեսուած 2.6 միլիառ եուրօ ծրարի արդիւնաւէտ իրականացման, Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն:

Վարչապետ Ինկրիտա Շիմոնիթէի հետ հանդիպումին Փաշինեան կարեւոր նկատեց Ատրպէյճանի կողմէ 9 Նոյեմբերի եռակողմանի յայտարարութեան ամբողջական իրականացումը` մասնաւորապէս շեշտելով ռազմագերիներու, պատանդներու եւ այլ պահուող անձերու վերադարձի ապահովումը: Ան դիտել տուաւ, որ ցարդ շրջանին մէջ հաղորդակցութեան ուղիները չեն բացուած, որովհետեւ երբեմն կը կատարուին մեկնաբանութիւններ, որոնք դուրս են 11 Յունուարի յայտարարութեան տրամաբանութենէն։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement