Պատրաստ Ենք Նաեւ Բանակցութիւններու Սկսելու Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Շուրջ. Ալիեւ

By Asbarez | Thursday, 21 October 2021



ԵՐԵՒԱՆ, «Արնէնփրէս».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ԱՊՀի երկիրներու ղեկավարներու նիստին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց, որ անցեալ տարուան 9 Նոյեմբերին Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեամբ «վերջ դրուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին»:

«Յետ-հակամարտութեան ժամանակաշրջանը, ընդհանուր առմամբ, հանգիստ կ՛անցնի: Յետ-հակամարտութիւն կ՛ըսեմ, որովհետեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը անցեալին մնացած է: Ատրպէյճան վերականգնած է իր տարածքային ամբողջականութիւնը, կատարած է ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւը, որ կը պահանջէր հայկական ուժերու անյապաղ հեռացումը Ատրպէյճանի տարածքէն: Ատրպէյճան Հայաստանի հետ տագնապը լուծած է ռազմաքաղաքական եղանակով», ըսաւ Ալիեւ:

Ան շեշտեց, որ համաձայնագիրը կնքելէ ետք, հայկական ուժերը դուրս եկած են Ակնայի, Քաշաթաղի եւ Քարվաճառի շրջաններէն, իսկ մինչ այդ «ատրպէյճանական զինեալ ուժերը մարտի դաշտին մէջ աւելի քան 300 գիւղ եւ քաղաք ազատագրած են»:

«Պատերազմէն ետք, Ատրպէյճանի առաւել քան 150 քաղաքացիներ զոհուած կամ վիրաւորուած են ականներու պայթումներու պատճառով», ըսաւ Ատրպէյճանի նախագահը՝ աւելցնելով, որ Հայաստան «կը մերժէ տրամադրել ականապատուած տարածքներու բոլոր քարտէսները»: Ըստ անոր՝ մինչեւ հիմա տրամադրուած քարտէսներու ճշգրտութիւնը 25 առ հարիւր է:

«Անցեալ տարուան ընթացքին՝ այն բանէն ետք, երբ Ատրպէյճան վերականգնեց վերահսկողութիւնը Իրանի հետ պետական սահմանի 130 քիլոմեթրնոց ճամբու հատուածին վրայ, կանգնեցուցած է թմրեցուցիչի շրջանառութիւնը Իրանէն Ճեպրայիլի (Ջրական) շրջանէն դէպի Հայաստան եւ Եւրոպա», աւելցուց Ալիեւ՝ Հայաստանը եւ Իրանը մեղադրելով դէպի Եւրոպա թմրեցուցիչ տեղափոխելու յանցանքով:

Ան աւելցուց, որ Ատրպէյճան Հայաստանին վերադարձուցած է պատերազմին ընթացքին տարուած բոլոր գերիները:

Ալիեւ նիստին ընթացքին անցեալ տարուան Նոյեմբերի վերջերուն գերի ինկած առաւել քան 60 շիրակցի զինուորականները ներկայացուց՝ իբրեւ ներթափանցողներ:

Ատրպէյճանի ղեկավարը պատրաստակամութիւն յայտնեց սահմանազատման եւ սահմանագծման հոլովոյթին սկսելու՝ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ յարգանքի սկզբունքով:

«Պատրաստ ենք նաեւ Հայաստանի հետ խաղաղ համաձայնագիրի մասին բանակցութիւններու սկսելու: Ատրպէյճան՝ իբրեւ յաղթող երկիր, պատրաստ է յարաբերութիւններու կարգաւորման, եւ յոյս ունինք, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը չի փախցներ այս պատմական կարելիութիւնները», եզրափակեց Ալիեւ:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement