Ատրպէյճան Բուռն Յարձակում Կը Գործէ Հայաստանի Վրայ

By Asbarez | Wednesday, 17 November 2021



ԵՐԵՒԱՆ.- 16 Նոյեմբերին, կէսօրէն ետք ժամը 1ին, Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները բուռն յարձակում գործեցին Հայաստանի արեւելեան սահմանագօտիին վրայ տեղակայուած հայկական դիրքերուն վրայ` կիրարկելով նաեւ հրետանային միջոցներ, զրահամեքենայ եւ զանազան տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներ:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը օրուան ընթացքին պարբերաբար հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով` դիտել տալով, որ կացութիւնը լարուած է, հայկական կողմի պատասխան գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք հակառակորդը ունի անձնակազմի մեծաթիւ կորուստներ, ինչպէս նաեւ` զրահամեքենայի։ Ան նշեց, որ հայկական կողմը նոյնպէս ունի մարդկային եւ դիրքային կորուստներ` զոհ մը` 1991ի ծնունդ պայմանագրային զինուոր, շարքային Մերուժան Արթուրի Յարութիւնեան, եւ վիրաւորներ, որոնց թիւին մասին տեղեկութիւն չփոխանցուեցաւ: Հայաստանի զինուած ուժերու 12 զինծառայողներ ալ` 7 պայմանագրային եւ 5 ժամկէտային, գերի տարուած են:

Պաշտօնական Պաքու եւս հաստատեց, որ գերիներ առած է հայկական կողմէն, սակայն թիւը չճշդեց։ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատեց, որ հայկական կողմը ունի մարտական երկու դիրքերու կորուստ։

Երեկոյեան ժամը 6։30ին, նախարարութիւնը յայտարարեց, որ կրակը դադրեցուած է`  ռուսական կողմին միջնորդութեամբ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն։

Ըստ ռազմական գերատեսչութեան` իրադրութիւնը յարաբերականօրէն կայունացած է:

«Այս վերջին յարձակումը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներ բռնագրաւելու` ադրբեջանական կողմի հետեւողական քաղաքականութեան շարունակութիւնն է, որը սկիզբ է դրուել այս տարուայ Մայիսի 12ից` Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզեր ադրբեջանական զինուած ուժերի ներթափանցմամբ: Այս գործողութիւններով Ադրբեջանը խախտում է նաեւ Նոյեմբերի 9ի եռակողմ յայտարարութիւնը, քանի որ ադրբեջանական կողմը յարձակումներ է գործում Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ այն տարածքներից, որն ադրբեջանական կողմին է անցել այդ յայտարարութեան իրականացման արդիւնքում: Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ՄԱԿի Կանոնադրութեան համաձայն, իրաւասու է բոլոր միջոցներով ետ մղել իր տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան դէմ  ուժի կիրառումը: Կոչ ենք անում միջազգային հանրութեանը եւ մեր միջազգային գործընկերներին` ՌԴին, ՀԱՊԿին, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահութեանը եւ համանախագահող երկրներին, յստակօրէն եւ հասցէական արձագանգել տարածաշրջանային խաղաղութիւնը եւ անվտանգութիւնը լրջօրէն վտանգող ադրբեջանական կողմի այս գործողութիւններին եւ գործուն քայլեր ձեռնարկել դրանց կանխարգելման, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքից Ադրբեջանի զինուած ուժերի անվերապահ եւ ամբողջական դուրսբերման ուղղութեամբ», իր կարգին շեշտեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան աւելի կանուխ յայտարարած էր, որ որովհետեւ յարձակումը եղած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ, «մենք դիմում ենք Ռուսաստանին` ՀՀ եւ ՌԴ միջեւ գոյութիւն ունեցող 1997 թուականի պայմանագրի շրջանակներում ՀՀ տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու կոչով եւ համաձայնագրի շրջանակներում փոխադարձ պարտականութիւնները իրագործելու տրամաբանութեան շրջանակներում»:

Գրիգորեան նշեց, թէ կʹակնկալեն, որ Ռուսիա օգնութիւն կը տրամադրէ, «եւ մենք հնարաւորությւոն կ՛ունենանք ՀՀ տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնելու»:

Աւելի ուշ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա դիտել տուաւ, որ Ռուսիա կապի մէջ է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ` սահմանային իրավիճակը կարելի եղածին չափ արագ խաղաղ հունին վերադարձնելու համար։

Մինչ այդ, հայկական կողմին նախաձեռնութեամբ հեռաձայնային զրոյց մը տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահին եւ Հայաստանի վարչապետին միջեւ` հայ-ատրպէյճանական սահմանին ստեղծուած իրավիճակին շուրջ:

Իր կարգին, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իր պաշտօնակիցներուն կոչ ուղղեց` դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները, որոնք պատճառ կը դառնան իրավիճակի սրումին։

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը օրուան ընթացքին յայտարարութեամբ մը հաստատեց, որ ապատեղեկատուութիւն է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած այն հաղորդագրութիւնը` ըստ որուն, իբր թէ Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները, 15-16 Նոյեմբերին հայ-ատրպէյճանական սահմանի միանգամայն քանի մը ուղղութիւններով ռմբակոծած են ատրպէյճանական դիրքեր։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement