Հայաստան Դիմած Է Ռուսիոյ, Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Հարցով Միջնորդելու Խնդրանքով. Զախարովա

By Asbarez | Wednesday, 01 December 2021

ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովա մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստան դիմած է Մոսկուային՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ միջնորդնելու խնդրանքով:

«Կրնամ հաստատել, որ Հայաստան դիմած է Ռուսիոյ՝ Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ միջնորդութեան աջակցութեան խնդրանքով: Ռուսիա հետաքրքրուած է եւ գործադրած է ջանքեր՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ: Մեր երկիրը պատրաստ է հետագային եւս անոր աջակցելու: Տուեալ հոլովոյթին գործարկումը, մեր կարծիքով՝ անմիջականօրէն պիտի նպաստէ շրջանին մէջ հասարակութեան առողջացման եւ բարի դրացիութեան ու երկխօսութեան ձեւաւորման, ինչ որ այժմ յատկապէս արդիական է», ըսաւ Զախարովա:

comments

Advertisement