By Asbarez | Monday, 17 January 2022
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ուրբաթ, 14 Յունուարին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի յատուկ ներկայացուցիչներ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Թուրքիոյ դեսպան Սերտար Քըլըչի հանդիպումը։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ կառուցողական մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած առաջին հանդիպումին ընթացքին յատուկ ներկայացուցիչները Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկխօսութեան միջոցով յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին վերաբերեալ նախնական միտքերը փոխանակեցին։ Անոնք համաձայնեցան առանց նախապայմաններու շարունակել ամբողջական լուծման ուղղուած բանակցութիւնները։
«Արմէնփրես»ը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին, հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպումը որակեց դրական եւ կառուցողական։
«Իրենց առաջին հանդիպումին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ դրական եւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ, յատուկ ներկայացուցիչները նախնական միտքեր փոխանակեցին Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ երկխօսութեան միջոցով իրականացուելիք կարգաւորման հոլովոյթին վերաբերեալ։ Կողմերը համաձայնեցան շարունակել ամբողջական կարգաւորման նպատակով բանակցութիւնները՝ առանց նախապայմաներու», կʹըսուի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ, որուն մէջ կʹաւելցուի, որ Յատուկ ներկայացուցիչներու երկրորդ հանդիպման վայրը եւ թուականը պիտի որոշուին աւելի ուշ՝ դիւանագիտական խողովակներով։
«Թասս»ը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդիպումին վերաբերեալ իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսէ հետեւեալը. «Կողմերը դրսեւորեցին իրենց պատրաստակամութիւնը երկխօսութեան մէջ մտնելու կառուցողական, ոչ-քաղաքականացուած ձեւով, բաց ոգիով եւ կեդրոնանալով գործնական արդիւնքներու վրայ՝ «փոքր քայլերով» դիւրինէն շարժելով դէպի բարդը։ Համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ շարունակելու որոնումները հասարակաց կէտերու, որոնք պիտի աշխատին ի շահ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն՝ ի շահ տարածաշրջանի կայունութեան եւ տնտեսական բարգաւաճման»։
Եւրոպական Միութիւնը ողջունեց Հայաստանի եւ Թուրքիոյ պատրաստակամութիւնը` աշխատելու երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ այդ նպատակով յատուկ ներկայացուցիչներ նշանակելու ուղղութեամբ: Այս մասին յայտարարութիւն հրապարակեց Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու ծառայութեան բանբեր Փեթըր Սթանոն: «Այս Ուրբաթ յատուկ բանագնացներու առաջին հանդիպումը կարեւոր քայլ էր դէպի յառաջ, եւ Եւրոպական Միութիւնը կոչ կʹուղղէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանին` այդ ուղղութեամբ հետագայ ջանքեր գործադրելու»։
Ըստ Սթանոնի` յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ յառաջիկայի որեւէ քայլ լաւ նորութիւն պիտի ըլլայ տարածաշրջանայի կայունութեան եւ հաշտեցման ու տնտեսական զարգացման հեռանկարներուն համար։
Սթանոն ընդգծեց, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը առանցքային նշանակութիւն ունի Եւրոպական Միութեան համար` երկու երկիրներուն հետ անոր փոխգործակցութեան առումով:
«2014էն ի վեր Եւրոպական Միութիւնը առաւել քան 4.5 միլիոն եուրօ յատկացուց այն նախագիծերուն համար, որոնք ուղղուած են հող նախապատրաստելու շարք մը բնագաւառներու մէջ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար, ինչպէս՝ տնտեսութիւնը, մշակոյթը, կրթութիւնը եւ տեղեկատուութեան փոխանակումը: Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է ցուցաբերելու առաւել աջակցութիւն․ կարելիութիւնը կայ լրացուցիչ քայլերու ձեռնարկելու յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ», եզրափակեց Փեթըր Սթանոն։
comments
Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Վերախմբագրած Է Փառուխի Վերաբերող Լաւրովի Յայտարարութիւնը
Հայաստանի Ինքնիշխան Տարածք Ադրբեջանի Զօրքերի Ներխուժման Հարցը Մնում Է Բաց. Միրզոյեան
Ձերբակալուեցան Երկիր Մեդիաի Տնօրէն Բագրատ Եսայեան Եւ ՆԱՈՒՄի Անդամ Գառնիկ Մելքումեան
Դիմադրութեան Շարժման Երթ Դէպի Եւրոպական Միութեան Գրասենեակ
Կը Քննարկուի Դիմադրութիւնը Տարբեր Ուղղութիւններով Աւելի Ընդլայնելու Կարելիութիւնը
Առանց Արցախի Հայերու Կարծիքին, Կարելի Չէ Հասնիլ Տագնապի Լուծման. Թոյվօ Քլաար
Ռուսիա, Հայաստան եւ Ատրպէյճան Յստակացուցին Սահմանային Եւ Մաքսային Հսկողութեան Իրենց Մօտեցումները
Քաղաքացիական Պայմանագիրը Պիտի Չմասնակցի Ընդդիմութեան Արտակարգ Նիստին
Մհեր Գրիգորեան Յանձնաժողովներու Առաջին Հանդիպումը Կառուցողական Կը Համարէ