By Horizon | Saturday, 07 May 2022
5 մայիսին եւս Ֆրանսայի հրապարակէն ընթացք առաւ Դիմադրութեան շարժման բազմահազարնոց հանրահաւաքը, որուն մասնակիցները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին նոյն օրը ցուցարարներուն համար տրամադրուած վրաններէն մէկուն մէջ մահացած քաղաքացիին յիշատակը:
«Առանց Նիկոլ Հայաստան» վանկարկումներով երթը ընթացք առաւ, եւ քայլարշաւ կատարուեցաւ Երեւանի փողոցներուն մէջ, ուր մեծաթիւ ոստիկաններ տեղակայուած էին:
«Տէր ենք մեր հայրենիքին», «Պայքար, պայքար» վանկարկումներով քայլերթը հասաւ Ֆրանսայի հրապարակ, ուր շարունակուեցաւ հանրահաւաքը:
Ելոյթներով հանդէս եկան 44-օրեայ պատերազմին զոհուած զինուոր Ռուբէն Պօղոսեանի հարազատը` Եղիշէ Զաքունցը, ազրպէյճանագէտ Անժելա Էլիբէկովան, պատմական գիտութիւններու թեկնածու, յունահռոմէական ոճի ըմբիշ, ողիմպիական խաղերու փոխախոյեան, մարմնակրթութեան վաստակաւոր վարպետ Արսէն Ջուլֆալակեան, Հայաստանի Ազգային ժողովի ընդդիմադիր պատգամաւոր Հայկ Մամիջանեան:
Հանրահաւաքի աւարտին եզրափակիչ խօսքով ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան, որ նախ արձագանգեց Լեւոն Տէր Պետրոսեանի նոյն օրուան յօդուածին` դիտել տալով, որ 2018-ին իշխանութեան եկան Տէր Պետրոսեանի գաղափարները կրողներն ու հոգեզաւակները, որոնք Արցախի 72 տոկոսը տուին: «Մեր վզին որեւէ մէկը, այդ թւում դու եւ Նիկոլը ոչինչ չէք կարող փաթաթել», նշեց ան:
Անկէ ետք Սաղաթէլեան խօսեցաւ յաջորդ օրը կատարուելիք աշխատանքներուն մասին` չորս խումբերով երթեր, կոչ ժողովուրդին` միանալու իրենց: Եզրափակելով` ան հաստատեց. «Համախմբուած, կազմակերպուած, իրարու աչքերի մէջ նայող, պարզ, անկեղծ կը մնանք միասին` այս պայքարը յաջողցնելու համար: Բոլոր նախադրեալներն ու հնարաւորութիւնները կան: Հասած ենք մեր ծրագրի աւարտական փուլին»:
Յայտնենք, որ օրուան ընթացքին մեծաթիւ ձերբակալութիւնները շարունակուեցան, ոստիկանութիւնը բռնի ուժ գործադրեց ցուցարարներուն վրայ: Ձերբակալուածներու կարգին էր արդարութեան մարտիկ Համբիկ Սասունեան, որ աւելի ուշ ազատ արձակուեցաւ:
comments
Յայտարարուած Է Մասնակի Զօրահաւաք. Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը Կը Հաղորդէ 2 Զոհի Եւ 14 Վիրաւորի Մասին
Երեւան Անթոյլատրելի Կը Նկատէ Լաչինի Վերաբերեալ Պաքուի Յայտարարութիւնը
Մոսկուա Դարձեալ Արձանագրեց Ատրպէյճանի Կողմէ Հրադադարի Խախտման Փաստերը
Հայաստանը Արցախին Կապող Նոր Ճամբու Շինարարութիւնը Պիտի Սկսի Օգոստոսին
Դիմադրութիւն Շարժումը Ունեցաւ Հանրահաւաք Եւ Երթ
Ալիեւ Դարձեալ Պահանջեց Հայաստանի Զօրքերը Դուրս Բերել Ղարաբաղէն
ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան Մուտքը Արգիլուեցաւ
Պիտի Խստացուի Սփիւռքահայերուն Հայաստանի Քաղաքացիութիւն Ստանալու Կարգը