Փաշինեանի, Միշէլի Եւ Ալիեւի Պրիւքսէլի Մէջ Հանդիպումին Քննարկուեցաւ Արցախի Տագնապը

By Asbarez | Saturday, 28 May 2022



ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 22 Մայիսին, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը: Լուրը հաղորդեց Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմը:

Քննարկման իբրեւ արդիւնք պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուեցան տարածաշրջանային երթեւեկի հաղորդակցութեան միջոցներու բացման աշխատանքներու հետագայ ընթացքին, սահմաններու սահմանագծման եւ ապահովութեան հարցերու յանձնաժողովի աշխատանքներու մեկնարկին վերաբերեալ:

Քննարկման առարկայ դարձան նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցային գործընթացի նախապատրաստութիւններուն, մարդասիրական հարցերուն, ինչպէս նաեւ Արցախի հիմնահարցի կարգաւորման վերաբերող հարցեր:

Աւելի ուշ այս հանդիպումին մասին յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ Միշէլ, որ կատարեց հետեւեալ հաստատումները.

«Այսօր ընդունեցի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը: Ասիկա այս ձեւաչափով մեր երրորդ հանդիպումն էր: Մենք կեդրոնացանք Հարաւային Կովկասի իրավիճակին եւ երկու երկիրներուն, ինչպէս նաեւ աւելի լայն տարածաշրջանի հետ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւնները զարգացնելուն վրայ: Քննարկումը անկեղծ եւ արդիւնաւէտ էր: Մենք դիտարկեցինք հարցերու ամբողջ ծրարը: Մանրամասնօրէն քննարկեցինք մարդասիրական հարցերը, որոնց կարգին՝ ականազերծման, պահուող անձերը ազատ արձակելու եւ անհետ կորսուածներուն ճակատագիրը պարզելուն ուղղուած ջանքերը»:

Ապա Միշէլ ներկայացուց հետեւեալ արդիւնքները, որոնց հասած են քննարկումներու ընթացքին.

«Սահմանային հարցեր.

«Յառաջիկայ օրերուն միջպետական սահմանին տեղի պիտի ունենայ սահմանային յանձնաժողովներու առաջին միացեալ նիստը: Անիկա կ՛անդրադառնայ սահմանազատման եւ կայուն իրավիճակը լաւագոյնս ապահովելու բոլոր հարցերուն:

«Հաղորդակցութիւններ

«Ղեկավարները համակարծիք էին, որ անհրաժեշտ է յառաջ ընթանալ հաղորդակցութեան կապերու ապաշրջափակման հարցին մէջ: Անոնք համաձայնութեան եկան տարանցման կարգաւորման սկզբունքներուն վերաբերեալ՝ արեւմտեան Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի, Ատրպէյճանի տարածքով՝ Հայաստանի տարբեր մասերու, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու հաղորդակցութեան ենթակառուցուածքներու միջոցով միջազգային բեռնափոխադրումներու շուրջ:

«Անոնք համաձայնեցան սահմաններու կառավարման, ապահովութեան, հողի վճարներու, ինչպէս նաեւ մաքսային սկզբունքներու շուրջ միջազգային բեռնափոխադրութեան պարունակին մէջ: Փոխվարչապետները այս աշխատանքը յառաջ կը տանին յառաջիկայ օրերուն:

«Խաղաղութեան պայմանագիր.

«Ղեկավարները պայմանաւորուեցան յառաջ տանիլ քննարկումները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ապագայ խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ, որմով պիտի կարգաւորուին միջպետական յարաբերութիւնները: Յառաջիկայ շաբաթներուն, արտաքին գործոց նախարարներուն գլխաւորած խումբերը յառաջ կը տանին այս գործընթացը: Իբրեւ եզրակացութիւն՝ երկու ղեկավարներուն շեշտեցի, որ անհրաժեշտ է երաշխաւորել Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան իրաւունքները եւ ապահովութիւնը:

«Ընկերային-տնտեսական զարգացում.

«Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ երկու կողմերուն հետ Տնտեսական խորհրդատուական խումբի աշխատանքը, որուն նպատակն է տնտեսական զարգացման ապահովումը՝ ի շահ երկու երկիրներուն եւ անոնց բնակչութեան»:

Փաշինեանի, Միշէլի եւ Ալիեւի հանդիպումէն առաջ տեղի ունեցաւ առանձին հանդիպում մը՝ Փաշինեանի եւ Միշէլի միջեւ: Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմէն հաղորդեցին, որ  զրուցակիցները անդրադարձան նոյն օրն իսկ նախատեսուած եռակողմ հանդիպումին՝ կարեւոր նկատելով երկխօսութեան շարունակականութիւնը:

Փաշինեան ներկայացուց Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը, մարդասիրական հարցերը եւ ընդգծեց անոնց լուծման անհրաժեշտութիւնը:

Փաշինեան եւ Միշել միտքեր փոխանակեցին նախորդ տարուան 14 Դեկտեմբերին, Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպումին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին վերաբերեալ՝ յայտնելով, թէ յոյս ունին, որ եռակողմ բանակցութիւնները կ՛ըլլան արդիւնաւէտ, ինչ որ պիտի նպաստէ կայունութեան եւ խնդիրներու համապարփակ լուծման:

Անոնք քննարկեցին նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն երկկողմ օրակարգին վերաբերող հարցեր, մասնաւորապէս՝ Եւրոպական Միութեան կողմէ Հայաստանի համար յայտարարուած 2.6 միլիառ եուրոյի տնտեսական եւ ներդրումային ծրարի իրականացման ընթացքը:

ԵԱՀԿը Կ՛ՈՂՋՈՒՆԷ

ԵԱՀԿը ողջունեց Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ հանդիպումը:

«Ուղիղ երկխօսութիւնը յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագիրի պատրաստութեան նախապայման է», «Թուիթըր»ի  իր էջին վրայ գրած է ներկայիս ԵԱՀԿը առաջնորդող Լեհաստանի նախագահութիւնը՝ աւելցնելով. «Մենք կը շարունակենք մնալ պատրաստակամ՝ աջակցելու Հարաւային Կովկասի խաղաղ, ժողովրդավարական եւ բարգաւաճ ապագան երաշխաւորելու ջանքերուն»:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement