Ռուսիա, Հայաստան եւ Ատրպէյճան Յստակացուցին Սահմանային Եւ Մաքսային Հսկողութեան Իրենց Մօտեցումները

By Asbarez | Saturday, 11 June 2022

ԵՐԵՒԱՆ.- «Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, թէ 4 Յունիսին, Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետներ Ալեքսէյ Օվերչուքի, Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուսթաֆաեւի համանախագահութեամբ գումարուեցաւ եռակողմ աշխատանքային խումբի 10րդ նիստը, որուն ընթացքին կողմերը քննարկեցին եւ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տարածքներով՝ ճամբաներով եւ երկաթուղիներով, քաղաքացիներու, փոխադրութեան միջոցներու եւ բեռներու ապահով երթեւեկի հարցերուն վերաբերեալ:

Ըստ այս մասին Հայաստանի հրապարակած հաղորդագրութեան՝ հանդիպումին ընթացքին տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում Հայաստանի տարածքով Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի միջեւ հաղորդակցութիւնը ապահովող ինքնաշարժի ճամբու հաւանական ուղիներու շուրջ:

«Կողմերը կը շարունակեն աշխատանքը տարածաշրջանում փոխադրական կապերի ապաշրջափակման վերաբերեալ Հայաստանի Հանրապետութեան, Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ Ադրբեջանի Հանրապետութեան ղեկավարների պայմանաւորուածութիւնների կատարման ուղղութեամբ», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ:

Երեք երկիրներու փոխվարչապետերու գլխաւորած աշխատանքային խումբի հանդիպումը՝ վեցամսեայ ընդմիջումէ ետք, տեղի ունեցաւ Մոսկուայի մէջ:

Հարաւային Կովկասի մէջ տակաւին կը յամենայ լարուածութիւնը, հակառակ անոր որ հայ-ատրպէյճանական բանակցային գործընթացին մէջ յառաջընթաց կը նկատուի: Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ՀԱՊԿի խորհրդարանական վեհաժողովի խորհուրդի նիստին այս մասին յայտարարեց ՀԱՊԿի ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս, կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»ը։

«Իրավիճակի կայունացման առումով կը շարունակէ կարեւոր դեր խաղալ 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ պայմանաւորուածութիւնը: Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանի սահմանագծման եւ սահմանազատման յաջող աւարտը, անկասկած, կրնայ մեծ ներդրում ունենալ ամբողջ տարածաշրջանի ապահովութեան ամրապնդման մէջ», ընդգծեց Զաս:

Եւրասիական տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած բարդ պայմաններու լոյսին տակ՝ Զաս կազմակերպութեան անդամ երկիրներու միասնականութիւնը շատ կարեւոր նկատեց, ինչպէս նաեւ՝ արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ գործունէութեան հետագայ զարգացումը, պաշտպանութեան ամրապնդումը, ճգնաժամային արձագանգման ուժերու կատարելագործումը եւ համընդհանուր միջոցառումներու ձեռնարկումը՝ ժամանակակից մարտահրաւէրները եւ վտանգները յաղթահարելու նպատակով:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement