Առանց Արցախի Հայերու Կարծիքին, Կարելի Չէ Հասնիլ Տագնապի Լուծման. Թոյվօ Քլաար

By Asbarez | Saturday, 11 June 2022

ԵՐԵՒԱՆ.- «Առանց Արցախի հայերուն կարծիքը նկատի ունենալու, կարելի չէ հասնիլ լուծման», այս հաստատումը կատարեց Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ Արցախի մէջ ապրող հայերուն մասնակցութի՞ւնը նկատի ունեցաւ, երբ պրիւքսէլեան եռակողմ հանդիպումէն ետք յայտարարեց, թէ մնայուն եւ արդար խաղաղութեան համար պէտք է քննարկում ըլլայ հիմնական բոլոր հարցերուն շուրջ՝ շահագրգիռ բոլոր կողմերուն մասնակցութեամբ:

«Կը կարծեմ, որ վերջապէս, Արցախի հայերը, անշուշտ, կը հանդիսանան կողմը մը, որ պէտք է ըլլայ լուծման մաս, ի՛նչ ձեւով ալ անիկա տեղի ունենայ… Եւ շատ պարզ է, որ Արցախի մէջ ապրող մարդիկ հիմնարար շահագրգռուածութիւն ունին համապարփակ լուծման հասնելուն մէջ: Եւ անձամբ ես չեմ տեսներ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք հասնիլ նման լուծման՝ առանց այդ մարդոց կարծիքը եւ տեսակէտը նկատի ունենալու», յայտնեց ան:

Այդուհանդերձ, Շարլ Միշէլ՝ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումէն ետք խօսեցաւ միայն Արցախի «էթնիկ հայերու իրաւունքներուն մասին», որեւէ բան չնշեց ապագայ կարգավիճակին վերաբերեալ, ինչ որ մտահոգութիւն յառաջացուց Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։

«Կը կարծեմ, որ, վերջապէս, հարցը այն է, որ ասիկա պէտք է ըլլայ համապարփակ կարգաւորում: Եւ մենք բոլորս գիտենք, թէ ինչպէս սկսաւ հակամարտութիւնը, եւ անիկա պէտք է վերջնականապէս փակուի: Նախագահ Միշէլ իր յայտարարութեան մէջ շատ բան չէ նշած: Ասիկա յայտարարութիւն չէր, որ կ՛ընդգրկէր բոլոր այն հարցերը, որոնք պէտք է լուծուին: Բայց փաստը այն է, որ մենք միշտ ընդգծած ենք, որ հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորումը անհրաժեշտ է, եւ մենք ինքնին այդ ուղղութեամբ աշխատանք կը տանինք», ըսաւ Քլաար:

Երեւանի մէջ ունեցած հանդիպումներուն եւ Պաքուի մէջ ունենալիք հանդիպումներուն անդրադառնալով՝ ան հաստատեց, որ երկու մայրաքաղաքներէն ալ ընդհանուր առմամբ դրական ուղերձներ կը ստանայ:

«Ուղերձը, զոր ես ստացայ, այն է, որ առաջնորդներուն քանի մը շաբաթ առաջ Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը յստակ որոշ արդիւնքներ տուաւ: Մենք ունեցանք սահմանային յանձնաժողովներու առաջին հանդիպումը: Ապա Մոսկուայի մէջ հանդիպում տեղի ունեցաւ փոխվարչապետերուն միջեւ՝ քննարկելու հաղորդակցութեան ուղիներու բացումը, ինչ որ ղեկավարները քննարկեցին Պրիւքսէլի մէջ: Եւ այսպէս, մենք շատ ոգեւորուած ենք: Պաքուէն եւս արձագանգը այն է, որ ինչպէս պրիւքսէլեան հանդիպումին, անոր հետագայ ընթացքի գնահատականը դրական է: Այնպէս որ, բաւական դրական թափ կայ: Եւ կը կարծեմ, թէ կարեւոր է զայն զարգացնելը», դիտել տուաւ ան:

Արցախի անորոշ կարգավիճակին վերաբերեալ Քլաար նշեց, որ հիմա ամէնէն կարեւորը փորձն է՝ յառաջ մղելու գործընթացը. ան այս կարծիքը արտայայտեց՝ արձագանգելով այն դիտարկման, թէ մինչ Երեւան կը խօսի Մինսքի խումբին մասին, Պաքու կը պնդէ, որ Արցախի հարցը փակուած է, եռանախագահութիւնն ալ կրնայ լուծարուիլ։

«Եւրոպական Միութիւնը չի պնդեր, թէ ունի որեւէ բանի հեղինակային իրաւունք: Մենք շահագրգռուած ենք յառաջընթաց տեսնելու եւ այդ առումով աջակցելու, եւ ասիկա, կը կարծեմ այն է, որուն նախագահ Միշէլ կրցաւ հասնիլ առաջնորդներուն հետ իր երեք հանդիպումներուն, ինչպէս նաեւ նախագահներ Մաքրոնի, Ալիեւի եւ վարչապետ Փաշինեանի հետ իր հանդիպման միջոցով: Եւ մենք այդ մէկը կ՛ուզենք», նշեց Քլաար՝ յիշեցնելով, որ կան նաեւ այլ ձեւաչափեր, մասնաւորապէս Մոսկուայի եռակողմ հանդիպումները՝ առաջնորդներու մակարդակով, ապաշրջափակման հարցով՝ փոխվարչապետերու յանձնաժողովն ալ վերսկսաւ նիստերուն։ «Ասիկա հոյակապ է, շատ լաւ է, եթէ անիկա մեզ յառաջ տանի ճիշդ ուղղութեամբ: Այսպիսով, Եւրոպական Միութեան միակ շահն է՝ օգնել գործընթացին եւ օգնել հասնելու կայուն եւ համապարփակ կարգաւորման»:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement