Ձերբակալուեցան Երկիր Մեդիաի Տնօրէն Բագրատ Եսայեան Եւ ՆԱՈՒՄի Անդամ Գառնիկ Մելքումեան

By Asbarez | Saturday, 11 June 2022


ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 10 Յունիսին, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) 4 աշխատակիցներ ներխուժեցին «Երկիր Մեդիա» պատկերասփիւռի կայանի տնօրէն Բագրատ Եսայեանի գրասենեակը եւ ձերբակալեցին զայն։

Ըստ նախնական կարգ մը տեղեկութիւններու՝ Բագրատ Եսայեան ձերբակալուեցաւ երկու տարի առաջ յարուցուած քրէական գործի ծիրին մէջ։ Այս մասին յայտնեց «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան։  «Այս երկու տարուայ ընթացքում Բագրատ Եսայեանը մասնակցել է բոլոր դատական նիստերին, բացատրութիւններ է տուել, հանդէս է եկել ասուլիսներով, բայց այժմ ԱԱԾականնները որոշել են գալ լրատուամիջոց եւ աշխատանքը խանգարելով, աշխատակիցների աչքերի առջեւ Բագրատ Եսայեանին տանել ԱԱԾ:  Հիմա սա ձեւակերպենք, որ քաղաքացի՞ Բագրատ Եսայեանին են ձերբակալել, թէ՞ «Երկիր Մեդիա» հեռուստաընկերութեան տնօրէնին` հաշուի առնելով վերջին շրջանում հեռուստաընկերութեան դէմ իրականացուող արշաւը», նշեց Մանուկեան։

Աւելի ուշ ԱԱԾի ծառայողները ձերբակալեցին նաեւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան անդամ Գառնիկ Մելքումեանը, որ Արցախեան 44օրեայ պատերազմի մեկնարկին` 27 Սեպտեմբերին, կամաւորագրուեցաւ պատերազմի մեկնելու նպատակով: Այս մասին յայտարարութիւն տարածեց ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը: «Մեր հայրենիքը թշնամուն մաս առ մաս յանձնող իշխանութիւնների կողմից սա հերթական ակնյայտ քաղաքական հետապնդում է: Իրաւապահներին կոչ ենք անում զերծ մնալ արժանապատիւ քաղաքացիների արդար բողոքի ձայնը լռեցնելու միտումով ձեռնարկուող բռնաճնշումներ իրականացնելուց», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ։

Այս ձերբակալութիւններուն անդրադարձաւ նաեւ «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ, Ազգային ժողովի փոխնախաահ Իշխան Սաղաթէլեան, որ ըսաւ, թէ Հայաստանի մէջ քաղաքական հետապնդումները համակարգային բնոյթ կը ստանան, իրաւապահ մարմինները` ԱԱԾ, դատախազութիւն, քննչական, ոստիկանութիւն, դարձած են բութ գործիքեր՝ երկրին մէջ բռնապետութիւն հաստատելու ծառայող:

Ըստ անոր՝ այս շինծու գործերով ձերբակալութիւններուն նպատակն է՝ թուլցնել «Դիմադրութիւն» շարժումը, այսինքն եղածը քաղաքական ահաբեկչութիւն է՝ քաղաքակիրթ աշխարհի աչքին աջեւ։

«Այսօր եւս նոր թափով շարունակւում են ձերբակալութիւնները: Առաջնային թիրախում են ազգային ուժերը, մասնաւորապէս` ՀՅ Դաշնակցութիւնը: Քիչ առաջ բերման են ենթարկուել «Երկիր Մեդիա» հեռուստաընկերութեան տնօրէն, ՀՅԴ ԳՄ անդամ Բագրատ Եսայեանը, ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական միութեան վարչութեան անդամ Գառնիկ Մելքումեանը եւ այլ կուսակցականներ: Մինչ այդ կալանաւորել են կուսակցութեան շուրջ 20 մարզային, երիտասարդական, քաղաքային կոմիտեների պատասխանատու ընկերների», ըսաւ Սաղաթէլեան՝ հաստատելով, որ այս բոլորը պիտի չազդեն իրենց վճռականութեան եւ պայքարի ոգիին վրայ, «Դիմադրութիւն» շարժումը կանգ պիտի չառնէ:

Բագրատ Եսայեանի ձերբակալութիւնը դատապարտեց «Հայաստանի ժուռնալիստների միութիւն»ը՝ հաստատելով, որ նախորդած շուրջ 1 տարի եւ 8 ամիսներուն ան պարտաճանաչ կերպով ներկայացած է նախաքննական մարմնին, որեւէ կերպով չէ խուսափած քննութենէ, չէ պահուըտած, միշտ եղած է հանրային ուշադրութեան առարկայ, եւ որեւէ ողջամիտ հիմնաւորում չկայ, որ ազատութեան մէջ գտնուելով` կրնայ խոչընդոտել գործի քննութիւնը:

«Բագրատ Եսայեանը հայաստանեան առաջատար հեռուստաընկերութիւններից մէկի տնօրէնն է, որը չի ենթարկւում իշխանութիւնների վերահսկողութեանը, եւ նրա ձերբակալութիւնն ուղղուած է նաեւ ազատ խօսքի, մամուլի ազատութեան դէմ: Հայաստանի ժուռնալիստների միութիւն»ը խստօրէն դատապարտում է «Երկիր Մեդիա» հեռուստաընկերութեան տնօրէն Բագրատ Եսայեանի այս մեթոդներով ձերբակալութիւնը, իշխանութիւններից պահանջում է դադարեցնել նրա նկատմամբ քաղաքական հետապնդումը,  չկատարել իրաւական հարթութիւնից դուրս որեւէ գործողութիւն` մեր գործընկերոջը թոյլ տալով ազատութեան մէջ շարունակել մասնակցել խնդրոյ առարկայ քրէական գործի քննութեանը: Միեւնոյն ժամանակ, տեղի ունեցածի նկատմամբ հրաւիրում ենք իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնների, մամուլի հարցերով զբաղուող միջազգային կառոյցների ուշադրութիւնը` կոչ անելով գործուն քայլեր ձեռնարկել Բագրատ Եսայեանի նկատմամբ իրականացուող քաղաքական հետապնդումը դադարեցնելու ուղղութեամբ», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement