Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

By Asbarez | Friday, 08 September 2023


ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԽՕՍԵՑԱՒ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ՆՈՐ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ. ՊԱՔՈՒ ՀԵՐՔԵՑ

Հայաստանի եւ Արցախի վերջին օրերու սահմանային աճող լարուածութեան պայմաններուն մէջ, կառավարութեան նիստին ընթացքին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան խօսեցաւ Ատրպէյճանի ռազմական նոր գործողութիւններու կարելիութեան մասին: Պաքու շտապեց հերքել Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը՝ զայն որակելով «քաղաքական ձեռնավարութիւն»:

«Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ ոտնձգութիւնների քաղաքականութիւնը շարունակւում է: Ադրբեջանը շարունակում է ապօրինի արգելափակուած պահել Լաչինի միջանցքը, հումանիտար (մարդասիրական) ճգնաժամը Լեռնային Ղարաբաղում հասել է գագաթնակէտին, ակնյայտ է, որ Ադրբեջանն այս գործողութիւններով ի ցոյց է դնում ընդդէմ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նոր ռազմական սադրանք ձեռնարկելու իր մտադրութիւնը: Նման սադրանքը հիմնաւորելու համար շրջանառութեան մէջ են դրւում կեղծ եւ իրականութեանը չհամապատասխանող թէզեր», յայտնեց Փաշինեան:

Ըստ անոր՝ իրավիճակը այնպիսին է, որ միջազգային հանրութիւնը, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի երկիրները պէտք է լուրջ միջոցներու ձեռնարկեն Հարաւային Կովկասի մէջ նոր պայթում մը կանխարգիլու համար:

Փաշինեան լուսարձակի տակ առաւ այն, որ Ատրպէյճան օրերէ ի վեր զօրք կը կուտակէ Լեռնային Ղարաբաղի շփման գիծին եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագիծին երկայնքով: «Ադրբեջանական մամուլում եւ քարոզչական հարթակներում աւելի է ահագնացել հակահայկական ատելութեան հռետորաբանութիւնը: Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ ոտնձգութիւնների քաղաքականութիւնը շարունակւում է», նշեց ան:

Մինչ այդ, նոյն օրը, Արցախի պաշտպանութեան բանակը հաղորդեց ատրպէյճանական ռազմական սարքերու, սպառազինութեան եւ անձնակազմի տեղաշարժի ու կուտակումներու մասին:

ՊԱՔՈՒ Կ՛ԱՐՁԱԳԱՆԳԷ

Փաշինեանի յայտարարութեան անմիջապէս հետեւեցաւ պաշտօնական Պաքուի արձագանգը: Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ ապահովութեան հաստատման իր պայմանները, թէ հայկական կողմը պէտք է հրաժարի Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջներէն, վերջ դնէ ռազմաքաղաքական սադրանքներուն եւ դադրեցնէ խոչընդոտներ ստեղծելը խաղաղութեան համաձայնագիրի ուղիին վրայ:

«Տարածաշրջանին մէջ ապահովութեան իրական սպառնալիքը Հայաստանի ռազմաքաղաքական սադրանքներն են, Ատրպէյճանէն տարածքային պահանջները, եւ հայկական զինուած ուժերը, որոնք, հակառակ իրենց ստանձնած պարտաւորութիւններուն, տակաւին դուրս չեն բերուած Ատրպէյճանի տարածքէն», նշեց պաշտօնական Պաքու:

«Տոյչէ Վելլէ»ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին, Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքով եւս խօսեցաւ այս մասին՝ նշելով, որ «Հայաստան տակաւին Ղարաբաղէն դուրս չէ բերած իր 10 հազար զինուորականները», եւ որ Հայաստան այդպիսով չէ կատարած 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան շարք մը կէտեր:

Ամիրպեքով նաեւ յայտարարեց, որ հայկական կողմը Ղարաբաղի մէջ ծանր ռազմական սարքեր ունի եւ կը շարունակէ ականապատումները, չի տրամադրեր ականապատ տարածքներու ճշգրիտ քարտէսներ եւ չի բացայայտեր զանգուածային թաղումներու վայրերը:

«Անոնք բոլորը ռազմական յանցագործութիւններ են, շատ մանրամասնութիւններ չեմ յայտներ, իրաւական գործընթացները կը շարունակուին», ըսաւ ան:

Մինչ այդ Հայաստան Ատրպէյճանի ականապատ տարածքներու քարտէսներ տրամադրեց Ատրպէյճանին, հերքեց Ատրպէյճանի յայտարարութիւնները ականապատումներու եւ Հայաստանի զինուած ուժերու Արցախի մէջ ներկայութեան մասին:

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋ ՉՈՒՆԻ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԷՆ. ՆՈՅՆԸ Կ՛ԱԿՆԿԱԼԷ ԱՆԿԷ». ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը՝ պատասխանելով 7 Սեպտեմբերի Հայաստանի կառավարութեան նիստին ընթացքին, Փաշինեանի ելոյթէն ետք Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութեան: Ստորեւ՝ յայտարարութիւնը.

«Հայաստանի կառավարութեան 2023թ. Սեպտեմբերի 7ի նիստում ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթից յետոյ Ադրբեջանի արտաքին գործերի նախարարութեան տարածած յայտարարութեան առնչութեամբ անհրաժեշտ ենք համարում ընդգծել հետեւեալը.

«Սոցիալական (ընկերային) ցանցերի ադրբեջանցի օգտատէրերը եւ լրատուամիջոցներն իրենք են հրապարակել Հայաստան-Ադրբեջան սահմանի մօտակայքում եւ Լեռնային Ղարաբաղի շփման գծի երկայնքով ադրբեջանական զօրքեր կուտակելու մասին վկայող տեղեկութիւններ, ինչը հաստատւում է նաեւ այլ աղբիւրների տեղեկատուութեամբ:

«Վերոյիշեալ ելոյթում ՀՀ վարչապետը յայտարարել է, որ Հայաստանը հաւատարիմ է 2022թ. Հոկտեմբերի 6ին Պրահայում, 2022թ. Հոկտեմբերի 31ին Սոչիում եւ 2023թ. Մայիսի 14ին Բրիւսելում ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւններին, ինչով վերահաստատուել է Հայաստանի եւ Ադրբեջանի կողմից փոխադարձաբար միմեանց տարածքային ամբողջականութեան անվերապահ ճանաչումը: Հայաստանն Ադրբեջանից ոչ մի տարածքային պահանջ չունի եւ նոյնն ակնկալում է Ադրբեջանից, որը մինչ օրս հրապարակայնօրէն չի հաստատել իր հաւատարմութիւնն այդ պայմանաւորուածութիւններին:

«Հայաստանը շահագրգռուած չէ ռազմական էսկալացիայով (մագլցումով), նախկինում առաջարկել է, հիմա էլ առաջարկում է նման ռիսկերը (վտանգները) բացառելու մեխանիզմներ (գործիքակազմեր), որոնք մինչ օրս անպատասխան են մնացել, եւ պատրաստ է քննարկել արդիւնաւէտ այլ մեխանիզմների ներդրումը նոյնպէս:

«ՀՀ պատրաստ է շարունակել ակտիւ ջանքեր ներդնել հնարաւորինս շուտ Ադրբեջանի հետ խաղաղութեան եւ յարաբերութիւնների կարգաւորման պայմանագրի նախագծի շուրջ աշխատանքներն աւարտելու եւ այն ստորագրելու ուղղութեամբ:

«ՀՀ նուիրուած է եւ շարունակում է հաւատարիմ լինել Հարաւային Կովկասում խաղաղութեան եւ կայունութեան օրակարգին՝ միեւնոյն ժամանակ ընդգծելով պաշտօնական Բաքուի կողմից նոյնպիսի հռետորաբանութեան եւ գործնական ազդակների անհրաժեշտութիւնը:

«Ակնյայտ է, որ Լաչինի միջանցքի արգելափակումը, Լեռնային Ղարաբաղում հաստատուած հումանիտար ճգնաժամը եւ Բաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութեան բացակայութիւնը՝ միջազգային մեխանիզմի շրջանակներում, չի նպաստում տարածաշրջանում մթնոլորտի բարելաւմանը»:

ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈԻ

7 Սեպտեմբերին, Ստեփանակերտ հերքեց Ատրպէյճանի պաշտպանութեան բանակի այն պնդումը, որ ամրաշինական աշխատանքներ կանխած է այս անգամ Ասկերանի եւ Մարտունիի շրջաններուն մէջ՝ դիմելով համապատասխան գործողութիւններու:  «Նման գործողութիւններով ադրբեջանական կողմը տեղեկատուական հենք է նախապատրաստում հերթական սադրանքի համար», յայտնեց հայկական կողմը:

Արցախի պաշտպանութեան բանակը Պաքուի հաղորդումը որակելով հերթական ապատեղեկատուութիւն՝ յայտնեց. «Վերջին շրջանում Ադրբեջանի Պն-ն զգալիօրէն աւելացրել է ստահող հաղորդագրութիւնների հրապարակման յաճախականութիւնը, ինչին զուգահեռ իրականացւում են անձնակազի, սպառազինութեան եւ ռազմական տեխնիկայի տեղաշարժեր եւ կուտակումներ»:

Նոյն օրը աւելի կանուխ Պաքու հաղորդեց, թէ ժամը 7:50ի շուրջ, պաշտպանութեան բանակը փորձած է Քարվաճառի, ժամը 10:05ի շուրջ ալ Ասկերանի շրջաններու իրականացնել ամրաշինական աշխատանքներ, որոնք խափանուած են ատրպէյճանցիներու գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք:

Ստեփանակերտ Պաքուի այս հաղորդումները եւս ապատեղեկատուութիւն նկատեց:

7 Սեպտեմբերին, ժամը 12:10ի շուրջ եւս Արցախի պաշտպանութեան նախարարութենէն տեղեկացուցին, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը կրակ բացին Սարուշէն համայնքի դաշտերուն մէջ աշխատող սարքին ուղղութեամբ:

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԴԻՏՈՐԴԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԳԵՂԱՐՔՈՒՆԻՔԻ ԵՒ ՍԻՒՆԻՔԻ ՄԷՋ ԱՇԽՈՒԺԱՑՈՒՑ ԻՐ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ

Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը իր պարեկային գործունէութիւնը աշխուժացուց Գեղարքունիքի եւ Սիւնիքի մարզերու սահմանամերձ շրջաններուն մէջ՝ ռազմական որեւէ իրադարձութիւն դիտարկելու նպատակով:

Այս մասին կը նշուի Հայաստանի մօտ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան «Էքս» ընկերային ցանցի պաշտօնական էջին վրայ:

«Տեղւոյն վրայ մեր ներկայութեան շնորհիւ կը ձգտինք նպաստել լարուածութեան նուազման եւ ապահովել իրավիճակի անաչառ լուսաբանութիւն», կ՛ըսուի գրառումին մէջ:

comments

Advertisement