Ոչ եւս է Ընկեր Հայկ Տէմիրճեան

By ARF AU | Friday, 03 September 2021




Հինգշաբթի 2 Սեպտեմբեր 2021-ի  առաւօտեան Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքին մէջ իր մահկանացուն կնքեց Աւստրալահայ գաղութի ազգային եւ հասարակական գործիչ, Աւստրալահայ երիտասարդութեան երկարատեւ եւ վաստակաշատ դասատու եւ դաստիարակ , ՀՅԴ  նուիրեալ  ընկեր Հայկ Տէմիրճեանը:

Արմենիա Մետիա մամլոյ եւ տեղեկատուական ընկերակցութեան խնամակալ կազմն ու խմբագրական անձնակազմը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալին հարազատներուն եւ Աւստրալահայ գաղութին:

Հանգուցեալին թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի 6 Սեպտեմբեր  2021-ին առաւօտեան  ժամը 10:00-ին Սիտնիի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ:

Այս տխուր առիթով ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն հրապարակեց հետեւեալ մահախօսականը`

ԳՈՅԺ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ Աւստրալահայ գաղութի ազգային գործիչ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ կառոյցի գաղափարական Ընկեր Հայկ Տէմիրճեանի մահը:Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ մեծ ընտանիքի անունով կու գանք մեր խորին վշտակցութիւնը յայտնելու ընկեր Հայկ Տէմիրճեանի ընտանիքին, հարազատներուն, Աւստրալահայ գաղութին եւ բոլոր գաղափարակից ընկերներուն:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական ԿոմիտէՍիտնի - Աւստրալիա

comments

Advertisement