ԿՈՉ - Աւստրալիոյ Լիբանանահայութեան

By ARF-AU | Thursday, 11 November 2021



Մարտ 27, 2022-ին, Լիբանանի մէջ տեղի պիտի ունենան երեսփոխանական ընտրութիւններ: Լիբանանի խորհրդարանի որոշումով, այս անգամ եւս արտասահման ապրող բոլոր լիբանանցիները պիտի կարենան քաղաքացիական իրենց պարտականութիւնը կատարել՝ քուէարկելով իրենց բնակած վայրերուն մէջ:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն կոչ կ’ուղղէ Լիբանանի քաղաքացիութիւն ունեցող 21 տարիքը ամբողջացուցած բոլոր Աւստրալահայերուն՝ մինչեւ Նոյեմբեր 20, 2021 արձանագրուելով լրացնել քուէարկութեան ելեկտրոնային հարցաթերթիկը ու հեռաձայնելով տեղեակ պահել ընտրական յանձնախումբին տեղեկանալու համար յաւելեալ մանրամասնութիւններուն :

Դիւրացնելու համար աշխատանքը, կեանքի կոչուած է «Աւստրալիոյ Լիբանանահայ Ընտրական Յանձնախումբ» որ արդէն լծուած է գործի:

Սիտնիաբնակ հայրենակիցները կրնան ներկայանալ Հայ Մշակութային Կեդրոն - 259 Penshurst St Willoughby NSW 2068.-

  • - Չորեքշաբթի 17 եւ հինգշաբթի 18 Նոյեմբեր, երեկոյեան ժամը 7:30-էն 9:30

Ձեր հետ պէտք է ունենալ Աւստրալիական եւ Լիբանանեան փաստաթուղթեր:

Անոնք որոնք կը փափաքին անձամբ արձանագրուիլ, ելեկտրոնային կապն է www.diasporavote.mfa.gov.lb, եւ կարելի է արձանագրուիլ մինչեւ Նոյեմբեր 20, 2021, Լիբանանեան հետեւեալ փաստաթուղթերով՝

  • Հին կամ նոր անձնաթուղթ

  • Հին կամ նոր իխրաժ քայտ

  • Հին կամ նոր ընտանեկան իխրաժ քայտ

  • Հին կամ նոր անցագիր (passport)

Սիրելի հայրենակիցներ,

Լիբանանահայութիւնը, անցնող բոլոր ժամանակներուն, մի՛շտ ցուցաբերած է արժանավայել վերաբերում Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ իր քաղաքացիական օրինակելի վարկով վստահութիւնը շահած՝ բազմահամայնք Լիբանանի բոլոր թեւերուն անխտիր, եւ ներկայիս կարիքը ունի ծննդավայր Լիբանանէն դուրս ապրող իր հարազատ զաւակներու քուէներուն:

Աւստրալիայէն ձեռք երկարենք լիբանանահայութեան կատարելով մեր ազգային պարտականութիւնը եւ ապահովենք առաւելագոյն արդիւնք:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, կարող էք կապ հաստատել՝

  • Ատէլ Գրաճեան  0426236082

  • Մարգար Մկրտիչեան  0413171874

  • Յովիկ Տէրտէրեան (Մելպուրն)  0413 322 090


- ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէ

comments

Advertisement