Ոչ եւս է Ընկեր Վարդգէս Իւանեան

By ARF AU | Tuesday, 24 October 2023



Կիրակի 22 Հոկտեմբեր 2023-ին առաւօտեան Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքին մէջ իր մահկանացուն կնքեց ՀՅԴաշնակցութեան նուիրեալ ընկեր Վարդգէս Իւանեանը:

Արմենիա Մետիա մամլոյ եւ տեղեկատուական ընկերակցութեան խնամակալ կազմն ու խմբագրական անձնակազմը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալին հարազատներուն եւ Աւստրալահայ գաղութին:

Հանգուցեալին թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի 30 Հոկտեմբեր 2023-ին Առաւօտեան ժամը 10:00-ին Սիտնիի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ: Թաղման կարգը պիտի կատարուի Macquarie Park գերզեմանտան մէջ:

Այս տխուր առիթով ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն հրապարակեց հետեւեալ մահախօսականը`

ԳՈՅԺ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն եւ Սիտնիի «Արամ Մանուկեան» Կոմիտէն սրտի խոր կսկիծով կը գուժեն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նուիրեալ անդամ Ընկեր Վարդգէս Իւանեանի մահը:

Ընկեր Վարգէս Իւանեանի կեանքը՝ Դաշնակցութեան եւ Աւստրալահայ գաղութին համար եղաւ համակ նուիրում ու զոհողութիւն:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ մեծ ընտանիքի անունով կու գանք մեր խորին վշտակցութիւնը յայտնելու ընկեր Վարգէսին ընտանիքին, հարազատներուն, Աւստրալահայ գաղութին եւ բոլոր գաղափարակից ընկերներուն եւ ընկերուհիներուն:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական ԿոմիտէՍիտնի - Աւստրալիա

comments

Advertisement