<<Գալուստ Կիւլպէնկեան>> Հիմնարկութեան առաջին տեսաժողովը՝ «Հայերը 2115ին»

By Asbarez | Tuesday, 02 February 2016

<<Գալուստ Կիւլպէնկեան>> հիմնարկութիւնը Երեքշաբթի, Յունուար 26ին առաջին անգամ ըլլալով համացանցի միջոցաւ տեսաժողով մը կազմակերպած էր միաժամանակ երեք աշխարհամասերու քաղաքներու միջեւ՝ Լոնտոն, Լոս Անճելըս եւ Երեւան, վիճարկումի նոր ձեւաչափ մը՝ քննարկելու <<Կիւլպէնկեան>> հիմնարկութեան Լիզպոնի մէջ, 2014 Հոկտեմբերին, <<Հայերը 2115ին. ռազմավարական ուղղութիւններ 21րդ դարուն համար>> գիտաժողովի զեկոյցին հրապարակման առթիւ:

Յիշեցնենք, թէ 2014 Հոկտեմբեր 13-14ին հիմնարկութիւնը կազմակերպած էր երկօրեայ բացառիկ գիտաժողով մը՝ քննարկելու համար հայ ժողովուրդի ապագայի հեռանկարները համաշխարհային դիտանկիւնէն, որուն մասնակցած էին աշխարհասփիւռ հայ համայնքը ներկայացնող 40 մտաւորականներ եւ ազգային գործիչներ՝ տարբեր երկիրներէ: Հրաւիրուած էին նաեւ օտար փորձագէտներ: Գիտաժողովէն տարի մը ետք՝ 2016 Յունուար 25ին, հրապարակուեցաւ այդ աշխատանքներէն բխած զեկոյցին բովանդակութիւնը, եւ այդ առիթով էր որ կազմակերպուեցաւ երեք երկիրներու միջեւ համացանցային տեսաժողովը:

Սոյն նախաձեռնութեան բացումը կատարեց <<Կիւլպէնկեան>>ի հոգաբարձու մարմինի անդամ Մարթին Եսայեան (Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծոռը): Ան ըսաւ, թէ արդէն այս հեռահաղորդակցական ծրագիրը բաւական շարժում ստեղծած եւ շշուկներու առիթ տուած է, եւ կայքերու վրայ նախապէս դիտարկումներ ու նշումներ եղած են, յայտնուած են կարծիքներ: Մ. Եսայեան շարունակեց՝ ըսելով, որ երեւոյթը ճարտարագիտական գետնի վրայ նորոյթ մըն է, որուն միջոցաւ կարելի կ՛ըլլայ տարբեր կեդրոններու մէջ կազմել մտաւորականներէ բաղկացած խումբեր, որոնք յետագային հրաւիրեալներու եւ համացանցէն ստացուած հարցումներու կամ դիտարկումներու հիման վրայ քննարկումները պիտի ընդլայնեն: Մ. Եսայեան նշեց, թէ <<մենք արդէն բնականաբար միջազգայնացած ժողովուրդ ենք եւ պայմաններու բերումով է, որ այդպէս եղած ենք եւ առ այդ այժմ պէտք է ընդհանրական ձեւով մտածել, ընդհանրական հեռանկարներ ունենալ եւ մասնակցիլ նման հանդիպումներու կամ նախաձեռնութիւններու, որպէսզի կարելի ըլլայ աշխարհի տարբեր անկիւններէ ստացուած տպաւորութիւններու լոյսին տակ հարստացնել մեր խորհրդածութիւնները>>:

Այնուհետեւ ան խօսքը փոխանցեց Ռազմիկ Փանոսեանին՝ <<Կիւլպէնկեան>>ի Հայկական համայնքներու բաժինի տնօրէնին, որ նախաձեռնողն էր <<Հայերը 2115ին. ռազմավարական ուղղութիւններ 21րդ դարուն համար>> խորագրեալ ծրագիրին: Վերջինս նախ օրինակներ բերաւ համացանցի վրայ այս նիւթին շուրջ կատարուած կարգ մը նշումներէ, ինչպէս՝ <<մէկը հարց կու տայ, թէ որոնք են Սփիւռքի մէջ գործօն հաստատութիւնները, միւսը կը խօսի Հայաստանի նկատմամբ մեր իտէալականացուած երեւակայութեան մասին, ուրիշ մը կ՛ըսէ թէ պէտք է ժողովուրդին խօսքը մտիկ ընել, որովհետեւ Հայաստանի ղեկավարները չեն, որոնք երկրին իրական պատկերը կը ներկայացնեն, եւ այլն, եւ այլն>>: Փանոսեան այնուհետեւ ներկայացուց <<Հայերը 2115ին. ռազմավարական ուղղութիւններ 21րդ դարուն համար>> զեկոյցին ընդհանուր պատկերը եւ խօսեցաւ տարբեր կարելիութիւններու մասին, ինչպէս՝ Հայաստանի վրայ Ռուսիոյ ազդեցութեան հզօրացումը եւ <<ո՛չ պատերազմ, ո՛չ խաղաղութիւն դրութեան>> հաստատումը, Թուրքիոյ մէջ ընթացող զարգացումները ընդհանրապէս քաղաքացիական միաւորներու կողմէ ժողովրդավարութեան հետապնդման լոյսին տակ, յատկապէս Ցեղասպանութեան նիւթին վերաբերեալ, եւ այս՝ հակառակ կառավարութեան ժխտողական դիրքորոշման, Արցախի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պատերազմական վիճակը եւ անոր ոչ-դրական հետեւանքները, Միջին Արեւելքի վտանգաւոր կացութիւնը եւ վերջապէս հայ ժողովուրդին դէպի Արեւմուտք գաղթը:

Ռազմիկ Փանոսեան ապա խօսեցաւ Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններուն մասին, զորս պէտք է վերասահմանել, որպէսզի կարելի ըլլայ հայութեան ինքնութեան ապագայի պատկերը ձեւակերպել: Ան անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ նոր քաղաքականութեան մշակման հարցին:

Ապա խօսքը փոխանցուեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ հաւաքուած կորիզին, ուր զրուցակիցներն էին Սալբի Ղազարեան (<<Սիւիլնե>>չի նախկին գլխաւոր խմբագիր եւ այժմ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտական ամպիոնի տնօրէն) եւ Րաֆֆի Արտհալճեան: Ս. Ղազարեան ըսաւ, թէ Սփիւռքը պէտք է արդէն ձեւով մը վերասահմանուի, որովհետեւ այսօր անիկա նո՛ր պատկեր մը ստացած է, նկատի ունենալով, որ համայնքային հաստատութիւններու կողքին կան առանձին անձեր, որոնք կարեւոր դերակատարութիւն ունին ու մեծ գործունէութիւն կը ծաւալեն, եւ այս երկուքը միասնաբար կը կազմեն ներկայի ընդհանուր պատկերը: <<Այսօր Սփիւռքը այլեւս միատարր մարմին մը չէ, այլ կան սփիւռքներ, որոնք այնքա՜ն տեղայնացած դիմագիծներ ունին, զորս կարելի չէ մէկ պարունակի մէջ տեղադրել>>, նշեց բանախօսը եւ աւելցուց, թէ ներկայիս Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունի պետութենէ անջատ երիտասարդական շարժում մը, որ աւանդական կառոյցներէն անկախ է: <<Այդ երիտասարդները լաւապէս կը տիրապետեն ճարտարագիտական արուեստին եւ շատ գործօն են>>, աւելցուց Սալբի Ղազարեան:

Րաֆֆի Արտհալճեան՝ շարունակելով երիտասարդներուն առընչուող նիւթին շուրջ քննարկումը, ըսաւ, թէ այժմ մանր խմբակներու ցանց մըն է, որ կը գործէ ապակեդրոնացած եւ անդրազգային ձեւով: Ան ընդգծեց, թէ այսօր ոչ միայն հայութեան, այլ ընդհանրապէս մարդկութեան առջեւ ծառացած խնդիրները պէտք է լուծուին ոչ միայն կառավարութիւններու եւ պետութիւններու միջոցաւ, այլ նաեւ այն անձերուն եւ հաստատութիւններուն կողմէ, որոնք հսկայական գումարներ կը յատկացնեն ու ներդրումներ կը կատարեն: Ան յիշեց Զուքըրմանի, Պիլ Կէյթցի, բայց նաեւ Վարդանեանի կամ Սամ Սիմոնեանի նման անհատներու անունները, որոնց նախաձեռնութիւնները յետագային շատ կարեւոր ազդեցութիւններ պիտի ունենան:

Ր. Արտհալճեան արծարծեց նաեւ հետաքրքրական այն գաղափարը, թէ աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ արդէն իսկ հաստատուած Սփիւռքի <<մարմին>> գոյութիւն ունի եւ կը մնայ անոր անդամներուն միջեւ կապեր հաստատել եւ աշխատանքը յառաջացնել: Ան համացանցային պատկեր մը տալով՝ նշեց, թէ արդէն <<Hardware>>ը գոյութիւն ունի եւ պէտք է <<Software>> մը կազմել եւ ծրագրել:

Յայտնենք, թէ համալսարանի սրահին մէջ շուրջ 50 հոգի հաւաքուած էր:

Երեւանի մէջ սոյն համացանցային զրոյցին չորս հոգինոց խումբին հաղորդավարն էր Արմէն Տէր Կիւրեղեան, որ ըսաւ, թէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ պէտք է կայուն կապ մը հաստատել։ Ան խօսեցաւ նաեւ Հայաստան-Պարսկաստան յարաբերութիւններու ամրապնդման անհրաժեշտութեան մասին: Իսկ Պետական համալսարանի դասախօս Մարք Գրիգորեան նշեց, թէ Թուրքիան Հայաստանի դրացի երկիր մըն է, եւ անցեալին (2000 թուականին) Հայաստան-Թուրքիա կապերու մերձեցման գծով խումբեր կազմուած էին, որոնց շնորհիւ է որ հոն քաղաքացիական կազմակերպութիւններ սկսան առանց վախի արծարծելու մինչ այդ <<թապու>> նկատուող Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթը:

Իր կարգին, Սամ Սամուէլեան ըսաւ, թէ <<Ընդհանրապէս մեր մօտ գոյութիւն ունի զգացական դրամագլուխ մը Հայաստանի նկատմամբ>>, բայց պէտք է հայրենիքի հետ յարաբերութիւնները աւելի զարգացնել, որովհետեւ տակաւին գրեթէ հայ աշխարհացրիւ զանգուածին 80 առ հարիւրը Հայաստան չէ այցելած եւ մենք պէտք ունինք հզօր Հայաստանի եւ հզօր կազմակերպութիւններու>>: Ան այս ուղղութեամբ տուաւ <<ԹՈՒՄՕ>>ի եւ <<100 Կեանք>>ի օրինակները:

Հայաստանէն Արման æիլաւեան խօսեցաւ ընդհանրապէս տիրութեան զգացումի բացակայութեան մասին՝ ըսելով, թէ ոչ մէկ խնդիր կը նկատենք մերը, չենք խօսիր անոնց մասին, եւ թէ Հայաստան մեր սեփականութիւնը սեպելու գծով կարծէք թէ կապերը կորսնցուցած ըլլանք, ուրիշներուն ձգելով այս ուղղութեամբ որոշումներ կայացնելու գործը:

 

 

comments