By Արմէնփրէս | Saturday, 04 December 2010
ՊՈԼԻՍ, «Արմէնփրէս».- Թրքահայ երիտասարդներէ կազմուած «Կը փափաքինք ընտրել մեր պատրիարքը» կոչուող խումբը, թրքահայութեան հիւանդ պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի փոխարէն նոր պատրիարքի ընտրութիւն կատարելու պահանջքով՝ կարճ ժամանակի ընթացքին կրցած են 5359 ստորագրութիւն հաւաքել:
Ըստ թրքական լրատուական միջոցներու, թրքահայ երիտասարդութեան զայրոյթը սկսած է այն բանէն ետք, երբ պատրիարք Մութաֆեանի ծանր հիւանդութեան պատճառով թրքական կառավարութիւնը Արամ արքեպիսկոպոս Աթեշեանը նշանակած է պատրիարքի ընդհանուր տեղակալ:
Նոր պատրիարքի ընտրութիւն պահանջող խումբին կատարած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի.
«Հայոց պատրիարք Մութաֆեան երկար ժամանակ է, որ կը տառապի ուղեղի հետ կապուած անբուժելի հիւանդութենէ: Հայկական եկեղեցիի աւանդոյթին մէջ բացակայող տիտղոս յայտնագործելով՝ կառավարութիւնը պատրիարքի փոխանորդ նշանակած է Արամ արք. Աթեշեանը, թրքահայերուն ձեռքէն վերցնելով սեփական պատրիարք ընտրելու դարեր շարունակ գործող իրաւունքը»:
«Ակօս» թերթի հրատարակչութեան գլխաւոր տնօրէն Ռոպեր Քոփթաշ այս կապակցութեամբ ըսած է. «Հոս առկայ է ե՛ւ կառավարութեան ե՛ւ պատրիարքարանին սխալը: Ստեղծուած իրավիճակը կը բնութագրենք իբրեւ կառավարութեան միջամտութիւն՝ հայկական համայնքի ներքին գործերուն: Ներկայիս արքեպիսկոպոս Աթեշեան, փաստօրէն, պատրիարքի պաշտօն կը կատարէ: Այս իրողութիւնը, Աթեշեանէն բացի միւս թեկնածուները ընտրուելու իրաւունքէ զրկել կը նշանակէ»: Ան նաեւ կոչ ըրած է կառավարութեան եւ պատրիարքարանին, որ լսեն երիտասարդութեան ձայնը:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan