Սեւակ Պալըքճին Սպաննած Զինուորին Համար 2էն 6 Տարուան Բանտարկութիւն Կը Պահանջուի

By Asbarez | Friday, 01 March 2013

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) օդուժի զինուորական դատարանին մէջ, Ուրբաթ, Մարտ 1ին տեղի ունեցած է 2011ի Ապրիլ 24ին, զինուորական ծառայութեան ընթացքին թուրք զինուորի մը կողմէ սպաննուած Սեւակ Շահին Պալըքճիի հարցով հերթական դատական նիստը, որուն ընթացքին մեղադրող կողմը ներկայացուցած է պահանջուող պատժաչափը:

Պոլսոյ հայկական «Ակօս» թերթին համաձայն՝ Սեւակի սպանութեան գործով հերթական դատական նիստին ընթացքին, դատարանը չէ բաւարարած հետաքննութիւնը ընդարձակելու Սեւակի ընտանիքի փաստաբանին պահանջը, որմէ ետք խօսքը փոխանցուած է դատախազին:

Իր խօսքին մէջ, դատախազը յայտնած է, թէ ուսումնասիրութեան ընթացքին պարզուած է, որ կասկածեալին եւ Սեւակի միջեւ որեւէ հարց չէ յայտնաբերուած, եւ ապացոյցներ չկան, թէ Քուանճ Աղաօղլուն դիտմամբ սպաննած է Սեւակը: Դատախազը Աղաօղլուի համար պահանջած է 2էն 6 տարուան բանտարկութիւն՝ «անուշադրութեան հետեւանքով» կատարուած սպաննութեան համար:

Մեղադրող կողմը նաեւ 6 ամիսէն մինչեւ 2 տարուան բանտարկութիւն պահանջած է նոյն զօրամասի ենթասպայ Սատրեթին Էրսոզի հաշուոյն՝ պարտականութիւններու ոչ պատշաճ կատարման համար:

Դատախազի ելոյթին հակադարձած է Սեւակի մայրը՝ Անի Պալըքճըն, բողոքելով այս ծիծաղելի մեղադրանքը եւ շեշտելով, թէ կը ցանկանայ իր երկրին մէջ արդարութեան հասնիլ, քան զայն այլ երկիրներու մէջ փնտռել: Ան աւելցուցած է, թէ արդէն յայտնի է, որ նման դէպքերու պարագային յանցագործները չեն պատժուիր, ինչի հետեւանքով ալ նմանատիպ յանցագործութիւնները կը շարունակուին:

Դատարանը յետաձգած է նիստը՝ յաջորդ անգամ լսելու համար կողմերուն արձագանգը՝ դատախազի պահանջին վերաբերեալ:

comments