By Asbarez | Wednesday, 27 March 2013
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- 2011ի Ապրիլ 24ին, Պաթմանի մէջ զինուորական ծառայութեան ընթացքին իր զինուոր ընկերներէն Քըվանչ Աղաօղլուի կողմէ սպաննուած տարաբախտ Սեւակ Պալըքճըի սպանութեան դատավարութիւնը աւարտեցաւ՝ առանց լուսաբանելու այս արտակարգ, անբնական ու կասկածելի սպանութեան ներքին ծալքերը։
Տիարպեքիրի մէջ կայացող դատավարութեան աւարտին, դատաւորը Երեքշաբթի, Մարտ 26ին Աղաօղլուն մեղաւոր գտաւ արկածով կամ անուշադրութեամբ մարդ սպաննելու յանցանքով, եւ զայն դատապարտեց միայն 4 տարի, 5 ամիս ու 10 օր բանտարկութեան։ «Մարմարա» կը նշէ, թէ դատաւորին կողմէ արձակուած այս վճիռը, բնականաբար, գոհացուցիչ չէ երբե՛ք: Գոհացուցիչ չէ մանաւանդ այն պնդումը, թէ սպանութիւնը կատարուած է անուշադրութեան կամ արկածի հետեւանքով։ Այս սպանութիւնը, այսպէս կամ այնպէս, ունի քաղաքական ենթահող մը, քանի որ սպաննուածը իր երկրին համար զինուորական տարազ հագած հայ երիտասարդ մըն էր եւ այդ երիտասարդը սպաննուած էր Ապրիլ 24ին՝ թուական մը, որ մեծ մասամբ մերժելի կը դարձնէ արկածի կամ անուշադրութեան արդարացումները։ Նոյնիսկ եթէ իսկապէս արկած կամ անուշադրութիւն կայ այս խնդիրին մէջ, ապա պատահարը ծանր է եւ ունի ո՛չ թէ մեղմացուցիչ պարագաներ, այլ ընդհակառակը՝ խստացուցիչ պարագաներ։
Տիարպեքիրի մէջ, այս առթիւ, «Նոր Զարթօնք» հայ երիտասարդական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ կայացաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն զօրակցեցան մարդասիրական բազմաթիւ կազմակերպութիւններ եւ Տիարպեքիրի իրաւաբանական կաճառը։ Մամլոյ լուսաբանութիւն մը կարդաց Ումուտ Ութքու Աքթաշ, որ դիտել տուաւ, թէ Մարտ 26ի նիստը վճիռի արձակման նիստ եղաւ, բայց սպանութեան գաղտնիքը չլուսաբանուեցաւ։ Դատական մարմինը նախապէս միջամուխ փաստաբաններ ընդունելու առաջարկը մերժած էր՝ այն պատճառաբանութեամբ, թէ դատավարութիւնը անտեղի կերպով կ՛երկարի։ Աքթաշ պնդեց, որ այս մասին առկայ փաստերն ալ ոչնչացուեցան հրամանատարներու կողմէ։
«2011ի Ապրիլ 24ին կատարուած այս սարսափազդու սպանութեան դատավարութիւնը վերջացաւ 2013ի Ապրիլէն քանի մը օր առաջ։ Բայց երանի թէ դատավարութիւնը աւելի երկար տեւէր ու լուսաբանուէր այն հարցը, թէ ի՞նչ կար այս սպանութեան ետին», կ՛եզրափակէ «Մարմարա»։
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan