By Asbarez | Monday, 01 April 2013
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ բանակին մէջ սպաննուած հայազգի զինուոր Սեւակ Շահին Պալըքճըի հարցով զինուորական դատարանին տուած անբաւարար վճիռէն ետք, Սեւակի ընտանիքի փաստաբան Ճեմ Հալավութ նշած է, թէ իրենք յոյս չունին, որ դատավճիռը արդարացիօրէն պիտի քննուի վճռաբեկ դատարանին կողմէ, եւ այդ պատճառով, արդէն իսկ պատրաստութիւններ կը կատարուին դիմելու Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեան:
«Ատեանը մարդու կեանքը չպաշտպանելու առնչութեամբ ընդունած է բազմաթիւ վճիռներ, որոնք յոյս կը ներշնչեն, թէ այս դէպքով եւս Թուրքիան պիտի պատժուի», ըսած է Պալըքճը ընտանիքի փաստաբանը:
Սեւակ Շահին Պալըքճը սպաննուած էր 2011ի Ապրիլ 24ին, իր զինակիցին կողմէ: Զինուորական ատեանը միայն 4.5 տարուան բանտարկութեան դատապարտեց ոճրագործը՝ սպանութիւնը դիտաւորեալ չնկատելով:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan