By Asbarez | Friday, 12 April 2013
ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- «Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով դատավարութեան վերաբերեալ իմ ու Ումիտ Քիվանճի գնահատականին պատճառով՝ քրէական գործ կը յարուցուի Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի թիւ 301 յօդուածով, սակայն հետաքննութիւնը ինքնին անընդունելի է: Իրականութեան մէջ, ոչ թէ մեր խօսքերը յանցաւոր են, այլ՝ թիւ 301 յօդուածը», գրած է «Ակօս»ի գլխաւոր խմբագիր Քոփթաշ: Ան նշած է, որ նոյնիսկ եթէ նախարարութիւնը արտօնութիւն չտայ, որ դատավարութիւն կատարուի, խնդիրը արդար լուծում պիտի չստանայ, որովհետեւ խնդրոյ առարկան թիւ 301 յօդուածն է, որ պէտք է ջնջուի:
Նշեալ երկուքը կ՛ամբաստանուին Տինքի սպանութեան հարցով դատավճիռին օրը՝ 2012ի Յունուար 17ին սփռուած յայտագիրի մը ընթացքին կատարած իրենց յայտարարութիւններով թուրք քաղաքացի մը վիրաւորելու յանցանքով: Անոնք ըսած էին, թէ իրականութեան մէջ Թուրքիոյ պետութիւնն է ոճրագործը: «Ոչ մէկ թուրք դատաւոր կնայ հանգիստ խիղճով մեզ դատել այդ խօսքերուն հիման վրայ», կը գրէ Քոփթաշ:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan