By Asbarez | Monday, 01 July 2013
«Թայմթիւրք»ը կը հաղորդէ, որ ազգութեամբ հայ հօրն ու որդիին «հայ կեաւուրներ» ըսած թուրքի մը դէմ դատական գործ յարուցուած է։
Պոլսոյ քաղաքացիական գործերով դատարանին մէջ Թուրքիոյ քաղաքացիներ, ազգութեամբ հայ Լեւոն Պալճըօղլուին եւ Արթուն Պալճըօղլուին «հայ կեաւուրներ» ըսած Եուսուֆ Փոլաթի դէմ դատական գործ բացուած է։ Դատախազութիւնը ազգութեամբ հայ հօր եւ որդիին հասցէին «հայ» բառը վիրաւորական պարունակի մէջ օգտագործելուն համար Եուսուֆ Փոլաթի համար երկու տարի բանտարկութիւն կը պահանջէ։
Եթէ Եուսուֆ Փոլաթ պատիժի արժանանայ, անիկա առաջին անձը պիտի ըլլայ, որ «հայ» բառը իբրեւ վիրաւորանք օգտագործելուն համար կը դատապարտուի։
Փոլաթի դէմ դատական գործը բացուած է Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի 125/1 եւ 216/2 կէտերով, որովհետեւ այդ կէտերը կը կարգաւորեն «ժողովուրդի մէկ հատուածին դէմ ընկերային դասի, կրօնի, սեռի, ապրած տարածքի վրայ հիմնուելով վիրաւորանք հասցնելու» մեղադրանքները։
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan