By Asbarez | Monday, 18 April 2011
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական մամուլը հրապարակեց Յունիս 12ին կայանալիք Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն պատրաստուող կուսակցութիւններուն ընտրացանկերը։
Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան, ինչպէս նաեւ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային, Ազգայնական շարժում ու քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւններու ընտրացանկերուն վրայ կը բացակային բոլոր այն հայ հնարաւոր թեկնածուներուն անունները, որոնք, ըստ թրքական լրատուամիջոցներուն, վերոնշեալ կուսակցութիւններուն կողմէ պիտի առաջադրուէին։
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան 550 թեկնածուներէն բաղկացած ընտրացուցակին մէջ չեն ընդգրկուած պոլսահայ համայնքը ներկայացնող Մելքոն Քարաքէօսէի, Թաթիոս Պեպեքի, «Թարաֆ» օրաթերթի յօդուածագիր Մարգար Եսայեանի, Ճերի Խրիմեանի, Պոլսոյ Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի եւ Հերման Պալեանի անունները, որոնք հաւանական թեկնածուներ կը նկատուէին: Էրտողան իր կուսակցութեան ընտրացանկէն դուրս ձգած է նաեւ իր կուսակից 150 երեսփոխանները՝ ներառելով միայն անոնցմէ 187ն։
Քեմալ Քըլըճտարօղլուի ղեկավարած Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը իր ընտրացանկին վրայ տեղ չէ տուած Արեւ Ճեպեճիին։ Կուսակցութիւնը իր երեսփոխաններէն 64ը դուրս ձգած է ցանկերէն:
Նաեւ, Տեւլեթ Պահչելիի ղեկավարած Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ընտրացանկին վրայ Գեղամ Կարապետեանի անունը չկայ։
Քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը, իր կարգին, երկարատեւ քննարկումներէ ետք, որոշած է չաջակցիլ անկախ հայ թեկնածու Իշխան Օհանեանի թեկնածութեան։
Ընտրութեան կը մասնակցին 18 կուսակցութիւններ։
Ընդհանուր առմամբ, կուսակցութիւնները տեղ տուած են մեծ թիւով կին թեկնածուներու. անոնցմէ 100ը ներկայացուած է կուսակցութիւններու համամասնական ցանկերով եւ անոնց ընտրութիւնը երաշխաւորուած է։
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan