Գէորգ Չաւուշի Այրիին Լուսանկարը

By Asbarez | Wednesday, 18 December 2013

 

Վահէ Հապէշեան «Արմինիըն Ուիքլի»ի մէջ կը գրէ, որ 2005ին Այնթէպի մէջ Մուրաթ անունով գործաւոր մը հին տան մը փայտէ մէկ բաժինէն հին բացիկ մը գտած է:

Բացիկին առջեւի կողմը՝ սեւ երկար հագուստ հագած, աջ ձեռքին ատրճանակ մը եւ ձախ ձեռքին հրացան մը կրող կնկայ մը լուսանկարն է: Անոր կուրծքին խաչկապ կապուած է, ինչպէս նաեւ մէջքին կապուած փամփուշտակալներ կան: Փամփուշտներուն եւ կաշիներու մէջ հազիւ նշմարելի է անոր ձախ կուրծքին վրայ գտնուող լանջասեղ մը կամ մետալ մը:

Բացիկին վարի ձախ կողմը անգլերէնով «Մ. Հ. Հալլաճեան» ստորագրութիւնը տպուած է, իսկ աջ կողմը, տեղանուն մը՝ «Այնթէպ Փոքր Ասիա»: Բացիկին ետեւը Մուրաթին անծանօթ եղող լեզուով ձեռագիր գրութիւն մը կայ, միայն թուականի մը՝ 1910 մէկ մասը անոր հասկնալի է:

Մուրաթ, հին տուներու վերանորոգութեամբ զբաղած իր շրջանին, Այնթէպի Քայաճիք շրջանին մէջ գտնուող հին տան մը փայտէ բաժինները նորոգած ատեն գտած է բացիկը:

Յետագային, Այնթէպ այցելող հայեր թարգմանած են բացիկին վրայ գրուած գրութիւնը. «Հանգուցեալ հերոս Գէորգ Չաւուշի տիկին այրի Հեղինէ: Մեր յիշատակի նուէրը աստ(՞), տիար Յովհաննէս եւ տիկին Փիրանեան, 21 Յուլիս 1910 ՀՅԴ, Այնթապ»:

Լուսանկարը գրգռած է Մուրաթի հետաքրքրութիւնը, եւ ան որոշած է Այնթապի պատմութիւնը հետազօտել: Ան սորված է հայերէն եւ ներկայիս կ՛աշխատի Ա.Կեսարի, 1945ին Պոսթընի «Հայրենիք»ի տպարանէն լոյս տեսած «Այնթապի Գոյամարտը» գիրքին թրքերէն թարգմանութեան վրայ: Հապէշեան կը նշէ, որ Մուրաթ այժմ իր անունը Մուրատ կը գրէ:


comments