By Asbarez | Tuesday, 05 July 2011
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Էտվենթիս» հիւանդանոցին մէջ այսօր առաւօտեան իր մահկանացուն կնքեց սփիւռքահայ լայն շրջանակի կողմէ սիրուած երգիչ Փօլ Պաղտատլեան:
1953ին Հալէպ ծնած Փօլը, իր իւրայատուկ ոճով երգի ասպարէզ մտած է 1974ին, Պէյրութ, Լիբանան: 1977ին փոխադրուած է Լոս Անճելըս, ուր շարունակած է երգել ու իր երգերուն սկաւառակները պատրաստել: Յաճախ հրաւիրուած է արտասահմանեան տարբեր համայնքներ՝ ելոյթ ունենալու համար պարահանդէս-հաւաքոյթներու սրահներու մէջ:
Պաղտատլեան վերջին շրջանին կը տառապէր անողոք հիւանդութենէ, որմէ չկրցաւ կազդուրուիլ: Շատերու կողմէ փնտռուած երգիչ էր Փօլ:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan