By Asbarez | Friday, 25 April 2014

ԱՒՍՐԱԼԻԱ
Կազմակերպութեամբ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան Հինգշաբթի 24 Ապրիլ 2014-ին տեղի ունեցաւ լուռ բողոքի ցոյց մը (Silent Protest) Սիտնի քաղաքի կեդրոնական հրապարակներէն մէկուն մէջ որուն ընթացքին հանրութեան բաժնուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին Աւստրալիոյ մարդասիրական աշխատանքները բացատրող թռուցիկներ:
ՀՈԼԱՆՏԱ
Հոլանտայի Ալմելօ հայաշատ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան 99ամեակը ոգեկոչող ձեռնարկը, որուն ընթացքին բացումը կատարուեցաւ Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը անմահացնող յուշակոթողին:
ԼԻԲԱՆԱՆ
Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի Լիբանանի երիտասարդական մարմինին կազմակերպութեամբ, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ լիբանանահայութիւնը իրեն տրամադրուած մոմերով քալեց դէպի Պէյրութի Նահատակաց հրապարակ՝ ամբողջ ճամբուն ընթացքին անցորդներուն ուշադրութիւնը հրաւիրելով այս նախաձեռնութեան վրայ, այսպիսով նաեւ լիբանանցիները վերյիշեցնելով, որ թուրքը ոճրագործ է, որ հայութիւնը երբեք պիտի չմոռնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Դարձեալ երեկոյեան ժամը 7ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղման արարողութիւն՝ մասնակցութեամբ լիբանանահայ երիտասարդական, մշակութային, մարզական եւ ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներուն:
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ
Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ հոգեհանգստեան արարողութիւններով եւ բողոքի ցոյցերով յատկանշուեցաւ օրը:
Յունահայութիւնը միացաւ համահայկական ալիքին, որ նշեց թրքական պետութեան կողմէ գործադրուած Հայկական Ցեղասպանութեան 99ամեակը, իր երիտասարդ սերունդի պահանջատիրական կեցուածքով՝ յարմար պատասխանը տալով Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի կողմէ հնչած մշուշոտ յայտարարութեան, որ շատ հեռու էր իրական զղջումի արտայայտութիւն ըլլալէ: ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբը իր կարգին, յայտարարութիւն մը յղեց հելլէն մամուլին:
ՔԱՆԱՏԱ
Հակառակ թրքական հակացոյցին, 2000 հայորդիներ պահանջատիրութեան ձայն բարձրացուցին Օթթաուայի թրքական դեսպանատան դիմաց:
Թորոնթոյէն, Քեմպրիճէն, Լաւալէն, Մոնթրէալէն, Համիլթընէն, Սենթ Քաթրինզէն եւ այլ վայրերէ Օթթաուա ժամանեցին 2000 հայորդիներ եւ Քանատայի խորհրդարանին առջեւ միասնաբար վերանորոգեցին պահանջատիրութեան իրենց ուխտը:
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱ
Հարաւային Ամերիկայի զանազան քաղաքներու մէջ տեղի ունեցան բազմահազար հայորդիներու բողոքի ցոյցեր եւ 99ամեակի նշումներ:
Պուենոս Այրես
Պրազիլ
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan