ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարը Մոնթրէալի մէջ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Քանատայի կառոյցի ներկայացուցիչներուն հետ

By Asbarez | Tuesday, 04 November 2014

 

Աշխատանքային այցով Քանատա կը գտնուի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանը:


Հոկտեմբեր 30ին Միրզոյեան այցելեց Քանատայի Ազգային առաջնորդարան եւ Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի Վարդգէս եւ Աստղիկ Սարաֆեան նախակրթարան եւ Բասդրմաճեան երկրորդական: Ապա ան այցելեց «Հորիզոն»ի խմբագրատուն, որմէ ետք յատուկ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներուն հետ:

Նախարարին կ՛ընկերակցէին Քանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արմէն Եգանեան եւ Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի մօտ Արցախի Հանրապետութեան ներ-կայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան:

Հանդիպման ընթացքին ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեան զեկուցեց Արցախի զօրակցութեան գծով Քանատայի տարածքին կատարուած աշխատանքներուն մասին: Նախարար Միրզոյեան յատկապէս գնահատեց Արցախի պետականութեան ամրապնդման գծով աշխարհատարած Հայ Դատի յանձնախումբերու կատարած աշխատանքը: Դեսպան Եգանեան իր կարգին հաստատեց, թէ Օթթաուայի մէջ գործող Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակը մեծ ներդրում ունի Արցախի հարցը քանատական քաղաքական շրջանակներուն մօտ ծանօթացնելու գծով:

Հանդիպման ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան» եւ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէներու ներկայացուցիչները:

Նշենք, որ Հոկտեմբերի 26ին Կարէն Միրզոյեան մասնակցեցաւ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի Թորոնթոյի տարեկան հաւաքին որպէս գլխաւոր բանախօս:

 


comments