Պոլսահահայ Համայնքի Նիւթական Օժանդակութիւնը՝ Վանի Աղիտեալներուն

By Asbarez | Monday, 07 November 2011

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».-  Պոլսահայ համայնքի անունով, պատրիարքարանի Կրօնական Ժողովի ատենապետ Թաթուլ Ծ. վրդ. Անուշեան Ուրբաթ, 4 Նոյեմբերի առաւօտեան օդանաւով Վան մեկնած է, երկրաշարժէն տուժած հայրենակիցներու համար հայ համայնքին գոյացուցած 40 հազար թրքական լիրան յանձնելու համար Վանի կուսակալին։

Թաթուլ Ծ. վարդապետ, համայնքին անունով Վանի կուսակալին յայտնած է վշտակցութիւններ՝ այս ցաւալի աղէտի կապակցութեամբ, եւ տեղեկութիւններ քաղած աղէտի հետեւանքները չքացնելու նպատակով գործադրուած աշխատանքներուն մասին։

comments